Հրդեհներ, կրակոցներ, ոչնչացուած ոստիկանական ինքնաշարժներ, փակուած ճամբաներ եւ ապահովական ուժերու յատուկ գործողութիւններ․ Մեքսիքայի մէջ թմրանիւթերու առեւտուրով զբաղող խումբերը պատերազմի մէջ մտած են պետական ուժերուն հետ։
Mexico News Daily-ի փոխանցումով՝ «Jalisco New Generation Cartel» թմրավաճառական խմբակի ղեկավարին սպանութեան լուրի տարածուելէն ետք երկրին մէջ զանգուածային անկարգութիւններ բռնկած են։
Սպանուած խմբաւորման առաջնորդը, որ ծանօթ էր «El Mencho» մականունով, կը նկատուէր Մեքսիքայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ամենէն հետախուզուող յանցագործներէն մէկը։
Նշենք, որ այս բոլորին աւելի մանրամասն կերպով հետեւելու համար կրնաք միանալ Թէլէկրամեան մեր ալիքով՝ https://t.me/Arevelkam
https://t.me/Arevelkam/22351
