image

Նուիրեալ ՀՄԸՄ-ական Պետրոս Գաբրիէլեանի յիշատակին

Նուիրեալ ՀՄԸՄ-ական Պետրոս Գաբրիէլեանի յիշատակին

Օրերս Գանատայի մէջ իր մհականացուն կնքած է գաղութի սիրուած եւ նուիրեալ անդամներէն՝ Պետրոս Գաբրիէլեանը։ 

Ստորեւ Գանատայի «Հորիզոն»էն քաղելով, մեր ընթերցող հասարակութեան կը ներկայացնենք Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած հանգուցեալի թաղման արարողութեան ընթացքին, «Միհրան Փափազեան» կոմիտէութեան անունով, Թամար Շահինեան Փօլատեանի կողմէ ընթերցուած դամբանականը. (կարդացուած 26 Մարտ 2024-ին)։ 

Այսօր, մեծ պատիւ է ինծի համար ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէին, եւ միաժամանակ ընտանիքին անունով ներկայացնել Պետրոս Գաբրիէլեանի դամբանականը, քանի որ ան ինծի համար թէ՛ գաղափարակից ընկեր, թէ՛ պսակի եւ դուստրերուս մկրտութեան կնքահայր եւ թէ՛ մօրեղբայր էր։ Անշուշտ Պետրոս Գաբրիէլեանի կեանքը իր ամբողջ արկածախնդրութիւններով ներկայացնելու համար, գիրք մը պէտք է գրել, սակայն պիտի փորձեմ այս էջերու սահմաններուն մէջ նկարագրել մեր շատ սիրելի եւ անզուգական անձնաւորութիւնը։

Պետրոս Գաբրիէլեան ծնած է Աթէնք, 26 Նոյեմբեր 1929-ին։ Յաճախած է տեղւոյն Հայ Կապոյտ Խաչի ազգային Զաւարեան վարժարանը մինչեւ 2-րդ դասարան։ Ան անդրանիկ զաւակն էր Պուրսայէն Լեւոն Գաբրիէլեանի եւ Թարսուսէն՝ Մարի Պահչէճեանի, երկուքն ալ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած որբեր, որոնք իրենց հայկական բոյնը կազմած են Յունաստանի մէջ։ Պետրոս ունէր քոյր մը՝ Իսկուհի, եւ եղբայր մը՝ Մարտիկ։ 

1941 թուականին, Համաշխարհային Երկրորդ պատերազմին, երբ գերմանացիները Յունաստան մուտք կը գործեն, 13 տարեկան Պետրոս իր ընտանիքին օժանդակելու նպատակով կը լծուի գործի. երբ մայրը խոհարարութիւն կ՚ընէր գերմանացի զինուորներուն մօտ, ինք անոնց կօշիկները փայլեցնելու գործով յաւելեալ եկամուտ կ՚ապահովէր իր ընտանիքին։ Իսկ յետագային ալ կը նետուի ոսկերչութեան ասպարէզ։

Յունաստանի մէջ Պետրոս կը միանայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն, ուր կը վարէ աշխոյժ կուսակցական, մարզական եւ մշակութային գործունէութիւն։

Յունաստանի տնտեսական անկայուն վիճակը, բայց մանաւա՛նդ ոչ յոյն ազգերուն հանդէպ իրաւազրկումները, կը մղեն Պետրոսը, որ 1954 թուականի Յունիս 8-ին, Nea Helas նաւով, 25 տարեկան հասակին եւ առանձին, ժամանէ Գանատա, նոր կեանքի մը տեսլանակով եւ յետագային իր ընտանիքի անդամները եւս Գանատա բերելու միտումով։

Մոնթրէալի մէջ, իր առաջին գործը կը գտնէ Բաստրմաճեան եղբայրներուն մօտ, ուր երկու տարի կը զբաղի գորգագործութեամբ։ Ապագային ան իր ընտանիքին անդամներուն օգնութեամբ, կը հիմնէ իր սեփական ընկերութիւնը՝ Bedros Carpet։ 1962 թուականին, գորգի գործէն կ՚անցնի ուտեստեղէնի մարզ եւ կը հիմնէ «Մասիս» նպարավաճառատունը։ Նկատի առնելով յաճախորդներու թիւի աճը, 1965 թուականին, իր քրոջը ամուսնոյն՝ Անդրանիկ Փօլատեանին հետ, Birnam փողոցին վրայ կը հիմնեն «Սեւան» վաճառատունը, ուր տասը տարիներ շարունակ կը վարեն բեղուն առեւտուր։ «Սեւան» վաճառատան միջոցաւ, ան կը ծանօթանայ իր ապագայ տիկնոջ՝ Գահիրէէն ժամանած Մայտա Պոյաճեանին։ Անոնք իրենց բոյնը կը կազմեն 1970 թուականին, եւ տարի մը ետք, կը բախտաւորուին մանչ զաւակով մը, որ կը կրէ իր մեծ հօր անունը՝ Լեւոն։ Պետրոսն ու Մայտան 54 տարիներ ապրեցան սիրով եւ համերաշխութեամբ, ընտանեկան սրբութեամբ եւ մի՛շտ շրջապատուած բարեկամներով. բարեկամներ որոնք մինչ օրս, հաւատարիմ կը մնան, ու իրենց հետ կը բաժնեն տարիներու յիշատակներ։

Սեւան վաճառատունը վաճառելէ ետք, Պետրոս մինչեւ 88 տարեկան կը զբաղի ուտեստեղէնի վաճառականութեամբ։

Միութենական կեանքը մի՛շտ ալ եղած է Պետրոսին էութեան հիմնական նպատակը։ Գանատա ժամանելէն երկու տարի ետք, Պետրոս Գաբրիէլեան 13 ընկերներով եւ 3 նորագիր թեկնածուներով, իր հօր տան մէջ (679 Querbes avenue), Շաբաթ 3 Նոյեմբեր 1956-ին, հիմը կը դնեն «Միհրան Փափազեան» կոմիտէութեան, ներկայութեամբ Միացեալ Նահանգներէն ժամանած հայկական Նեմեսիսի ազգային հերոս՝ Միսաք Թորլաքեանի։ Պետրոս Գաբրիէլեան մաս կը կազմէ «Միհրան Փափազեան» անդրանիկ կոմիտէի կազմին։

Այս կոմիտէութեան հիմնադրութեան որպէս արդիւնք, յաջորդաբար եւ նոյն շունչով կը հիմնուին քոյր միութիւնները։ Տարի մը ետք, 1957 թուականի Մայիսին, 9 ընկերուհիներ, մեծամասնութեամբ յունահայեր, հիմը կը դնեն Հայ Օգնութեան Միութեան Մոնթրէալի մասնաճիւղին, ներկայութեամբ Պոսթընէն ժամանած Զօրավար Դրօ Կանայեանի կողակից՝ Գայիանէի։ Եօթ հոգինոց վարչութեան առաջին ատենապետը կ՚ընտրեն Պետրոսին մայրը՝ Մարի Գաբրիէլեանը։ Թէեւ անուս, սակայն չափազանց կարող եւ ճարպիկ բնաւորութեամբ օժտուած տիկին Մարին միշտ ալ եղած էր Պետրոսին ներշնչման աղբիւրը։

Յունաստանէն ի վեր, Պետրոս Գաբրիէլեանը ոտնագնդակի հմուտ մարզիկ էր։ Եղած էր գայլիկ եւ սկաուտ։ Մոնթրէալի մէջ, 1958 թուականին Պետրոսն ու իր ընկերները կը հիմնեն Armenia soccer team-ը։ Սոյն նախաձեռնութիւնը, ընթացք կու տայ նո՛յն տարին իսկ Մոնթրէալի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղի հիմնադրութեան, ուր Պետրոս, անգամ մը եւս, մաս կը կազմէ հիմնադիր եւ անդրանիկ վարչութեան։

ՀՄԸՄ-ի կողմէ, 1999 թուականին Պետրոս կ'արժանանայ Շրջանային վարչութեան «Ծառայութեան» շքանշանին, իսկ 2008 թուականին, ՀՄԸՄ «Կամք»ի 50-ամեակի տօնակատարութեան առթիւ՝ վարչութեան գնահատագրին։ Ան երբե՛ք չէր փախցներ Մայիս 28-ի տողանցքները։ Իր վերջին հանդիպումը ՀՄԸՄ «Կամք»ին հետ եղաւ 93 տարեկանին, երբ վերջին անգամ ըլլալով մաս կազմեց վարչականներու հաւաքին, իբր ամէնէն տարեց ՀՄԸՄ-ական անդամը։

1958 Յուլիս 18-ին, մեկնակէտային ժողով մը կը գումարուի Յակոբ Բաստրմաճեանի տան մէջ, ուր 14 անդամներ, որոնց մէջ նաեւ Պետրոսը, կը նպատակադրեն սեփական կեդրոն եկեղեցի մը ունենալու հրամայականը, եւ 17 Յունուար 1961-ին դիմումը կը կատարեն հիմնելու «Սուրբ Յակոբ» անունով նոր եկեղեցի մը, St-Zotique փողոցին վրայ։

Յետագային 1973 թուականին, Պետրոս Գաբրիէլեանի հայրը՝ Լեւոնը, կը հանդիսանայ «Սուրբ Յակոբ» նորակառոյց եկեղեցւոյ հիմնաքարը զետեղող կնքահայրներէն մէկը։

Ահաւասիկ ա՛յս եղած է Պետրոս Գաբրիէլեանի աւանդը Մոնթրէալի համայնքէն ներս։ Տակաւին Յունաստանէն նոր ժամանած այս նուիրեալ եւ անփոխարինելի սերունդի զաւակը, օտար երկրի մը մէջ, իր գաղափարակից ընկերներով, իրենց անձնական շահերը մէկ կողմ դրած, կ'ունենան այն տեսլականը, բայց մանաւա՛նդ կամքը, ուր ամէն ճիգ ի գործ դնելով կ'անցնին գործի։ Անոնք հիմը կը դնեն Մոնթրէալի հայկական համայնքին որուն պտուղները մինչ օրս, կը շարունակեն քաղել իրերայաջորդ սերունդները։

Խիստ համեստ էր ընկեր Պետրոսը, հիւրասէր, առատաձեռն, կատակասէր եւ ընկերային։ Կը հասկնար նոր գաղթականներուն ցաւը, քանի ինքն ալ անցած էր այդ ճանապարհէն։ Մեծ ուրախութիւն էր իրեն համար տարուէ տարի տեսնել գաղութին արձանագրած աճը, ըլլայ իր ընտանիքներով կամ նոր կառոյցներով։ Կուսակցական ժողովներուն մէջ, տակաւին ականջիս մէջ թարմ կը հնչեն իր խօսքերը, երբ յաճախ ձայն առնելով կը կրկնէր՝ «Մեր համակիրները մեր ուժն են, վա՛յ այն կուսակցութեան, որ համակիրներ չունի»։ Եւ ճիշդ այդ պատճառաւ, ամէն Կիրակի ներկայութիւն էր եկեղեցին, պարզապէս նոր համակիրներու հետ ծանօթանալու եւ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելու անոնց։

Ընտանեկան հաւաքներուն մթնոլորտ ստեղծողն էր, քէֆը սիրով, խօսող, խնդացնող, երգողն ու պարողը։ Ֆրանսական պէրէն միշտ գլխուն, որովհետեւ թեթեւ հովն անգամ զգալու անբացատրելի կարողութիւնը ունէր, համրիչը ձեռքին, իր անձնական կեանքէն քաղուած անվերջ պատմութիւններով կը զուարճացնէր ընտանիքի ամէն տարիքի անդամներն ու բարեկամները։ Միշտ տկարին կողքին էր եւ արդարութեան ջատագովը։ Ան ժառանգած էր իր մօր դիւանագէտ եւ ճարպիկ նկարագիրը, իսկ հօր զօրաւոր կամքը։ Այո՛, ան թէեւ բախտը չէր ունեցած ուսանելու, սակայն ինքնազարգացմամբ, միշտ հայկական գիրքեր եւ թերթեր կարդալով, յաջողած էր թեթեւցնել իր ուսում չունենալու ցաւը։

Խօսքս կ՚ուզեմ փակել դաշնակցականի մը բնորոշ ի՛ր տողերով՝ «Խիղճս հանգիստ է, որովհետեւ մի՛շտ բարիին մասին մտածած եմ. երբ մաքուր հաւատքով գործե՛ս, կը յաջողի՛ս, մի՛ վախնար, ժողովուրդը քեզ կը հետեւի»։

Թող Հողը թեթեւ գայ հիմնադիր սերունդի վերջին մոհիկանին, վարձքդ հազար անգամ կատա՛ր, գործդ շարունակելու ենք, որպէսզի հանգիստ եւ խաղաղ ննջես ծնողքիդ եւ քրոջդ կողքին, երկնքի արքայութեան մէջ։ Խունկ, մոմ եւ աղօթք քու բարի եւ անկեղծ հոգիիդ։