image

«Նորարար մշակոյթի ծրագիր». Մեկնարկեց Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան նոր ծրագիրը Լիբանանի մէջ

«Նորարար  մշակոյթի  ծրագիր». Մեկնարկեց  Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան  նոր ծրագիրը  Լիբանանի մէջ

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի «Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»-ը ուղղուած է լիբանանահայ ա՛յն երիտասարդներուն, որոնք կը փափաքին արեւմտահայերէնով ստեղծագործել: Ծրագրին հիմնական նպատակն է խթանել արեւմտահայերէնով յղացուած նորաշունչ նախաձեռնութիւններու կիրառութիւնը:

Հիմնարկութիւնը «Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»-ը մեկնարկեց Փետրուար 2020-ին. ան Լիբանանին վերաբերող ռազմավարութեան հինգ հիմնասիւներէն մէկն է:

Ծրագրին առաջին տարուան ընթացքին Հիմնարկութիւնը Լիբանան ապրող 18-35 տարեկան երիտասարդներէ ստացաւ  27 դիմում, որոնցմէ ընտրուեցաւ տասը ծրագիր: Այժմ, իւրաքանչիւր ծրագրի պատասխանատու անձ կամ խմբակ կ'աշխատի կեանքի կոչել իրենց ժամանակին եւ բազմաբնոյթ իրականութեան առնչուող ստեղծագործ եւ նորարար ծրագիրները, որպէս արտայայտչամիջոց ունենալով արեւմտահայերէնը:

Լիբանանի «Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»-ին 2020-2021 թուականի նպաստառուներն են՝

 

·         ԴԻՏԷ՛- Հրայր Գալեմքէրեան եւ Հերմինէ Նիւրբեթլեան

Հարթակ մը, ուր տարբեր տեսակի արուեստներու (լսողական, տեսողական, գրական...) աշխատանոցներու ընդմէջէն հնարաւոր պիտի ըլլայ անդրադառնալ երիտասարդութիւնը յուզող բազմազան նիւթերու:

·         ԿԱՐՄԻՐ ՄՈՄ- Կարէն Տարագճեան եւ Սուրէն Խտըշեան

Առցանց թատերական ներկայացում մը՝ Պուրճ Համուտի ոսկերիչներու անհետացող արհեստին եւ անոնց առօրեային մասին: 

·         ԿՌՈՒՆԿ շարժապատկեր- Գրիգոր Աւեսեան եւ Սերժ Մանուկեան

Երկու երկհարթ շարժապատկերներ (animation), հիմնուած Հրակ Փափազեանի «Բռնկում» եւ «Շրջիկները» կարճ պատմուածքներուն վրայ:

·         ՂԱՐՊԻՅՅԷԳուրգէն Փափազեան

Վաւերագրական կարճ ֆիլմերու շարք՝ որ կը յայտնաբերէ շրջանի հայութեան կեանքը բնորոշող յատկանշական հիմնական երեւոյթները:

·         ՄԷԿ- Ասատուր Պասմաճեան, Նարէ Քիւսպէքեան, Սէրուժ Յովսէփեան, Կարինէ Գիւլխանճեան

Երիտասարդները հետաքրքրող, արեւմտահայերէնով հազուագիւտ խօսուող նիւթեր մատուցող հարթակ մը, որ նաեւ կ'անդրադառնայ հայերէնի տարբեր բարբառներուն:

·         ՆՇՄԱՐՍարին Սանտրա Պաճաքեան

Լուսանկարչական պատում մը, որ կը նշմարէ հայու պատառիկներ եւ կը ներկայացնէ մեր շուրջ ապրող անյայտ հերոսները:

·         ՊԱՏՄԱԿԱՆ- Կիրօ Գարավարդանեան եւ Սերժ Մանուկեան

Հայոց պատմութեան մասին եօթը շարժապատկերներու (animation) շարք մը, որ լայն բնաբաններու ընդմէջէն պիտի քննարկէ հայոց պատմութեան մէջ որոշիչ դեր խաղցած տարբեր նիւթեր:

·         ՊՏՈՅՏ ՄԸ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԹԵՐԹԵՐՈՒ ՀԻՆ ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ- Արմէն Պագգալեան

Անդրադարձ Լիբանանահայ հին թերթերու ծանուցումներու մշակոյթին, որ կը միտի վերակենդանացնել հոն եղած հարուստ եւ գունաւոր լեզուն:

·         ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԳՐՈՂՆԵՐՅարութ Կիւլիւզեան

Լիբանանահայ վեց գրողներ՝ Անդրանիկ Ծառուկեան, Աբրահամ Ալիքեան, Պօղոս Սնապեան, Պէպօ Սիմոնեան, Սարգիս Կիրակոսեան եւ Յակոբ Մանուկեանի մասին վաւերագրական տեսերիզներ:

·         ՎԱԶՐԻԿՇողակ Յովհաննէսեան

Գիտաառեղծուածային նկարչական վէպ, որուն դէպքերը տեղի կ'ունենան Վազրիկի կեանքին ակնթարթներէն մէկուն ընթացքին, ապագայապաշտ Պուրճ Համուտի մը մէջ:

 

Ծրագիրներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւն եւ մանրամասնութիւններ ունենալու համար կարելի է հետեւիլ Ֆէյսպուքի եւ Ինսթակրամի «Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր» էջերուն՝

https://www.facebook.com/creativeculture.20

https://www.instagram.com/creativeculture.20/

 

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի ծրագիրներուն մասին կարդալ՝ https://gulbenkian.pt/armenian-communities/