«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը 15,000 տոլարի նպաստ մը յատկացուց «Արփի» հրատարակչատան՝ պատանեկան երկու վէպեր հրատարակելու համար։ Նպաստը շնորհուած է յատկապէս Քարէն Չթճեան Բրեսդիի նորագոյն գործին՝ «Օտար Արան» խորագիրով վէպին, ինչպէս նաեւ այլ հեղինակի մը կողմէ գրուած հատորի մը հրատարակութեան համար։
«Մեզի համար մեծ ուրախութիւն է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան աջակցութիւնը ստանալը։ Այս նպաստը չափազանց կարեւոր է մեր աշխատանքին համար՝ թէ՛ նիւթական եւ թէ բարոյական նեցուկի իմաստներով», յայտնեց «Արփի» հրատարակչատան հիմնադիր եւ գործադիր տնօրէն Արփի Գրիգորեան, որ աւելցուց, թէ նպաստը նշանակալից կերպով պիտի սատարէ հրատարակչատան նպատակին՝ լոյս ընծայել պատանեկան հատորներու իր առաջին հաւաքածոն։ Այս նպատակին, ինչպէս նաեւ ինքնին հրատարակչատան հիմնադրման համար առատաձեռն նեցուկ յատկացուած էր անցեալ տարի տէր եւ տիկին Պրենտըն եւ Սոնիա Փիրսիներուն եւ տէր եւ տիկին Գեւոն եւ Ալեքսիա Գեւոնեաններուն կողմէ։
««Արփի» հրատարակչատան տեսլականն էր՝ հաստատել փոփոխութիւն յառաջացնող ծրագիր մը, այսինքն հրատարակչատուն մը, որ հեղինակներու եւ գիրք նկարազարդողներու պիտի հայթայթէր անհրաժեշտ նեցուկը եւ աջակցութիւնը, որպէսզի անոնք կարենային ստեղծել արեւմտահայերէն գրական գործեր՝ մանուկներու մանաւանդ պատանիներու եւ երիտասարդներու համար», ըսաւ Գրիգորեան։
Հրատարակչատան խորհրդատու մարմինի անդամներէն դոկտ. Յակոբ Կիւլլիւճեան, որ հայ լեզուի եւ մշակոյթի «Խաչիկեան» դասախօսական ամպիոնի վարիչն է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ՝ ըսաւ հետեւեալը. «Այս տարուան հրատարակչական նշանակէտին հասնելու եւ անկէ անդին ալ իր ամբողջական կարողականութիւնը իրականացնելու համար, հրատարակչատունը պէտք ունի համայնքի նեցուկին։ Տուրքէ զերծ իւրաքանչիւր նուէր, որքան մեծ թէ փոքր, պիտի յատկացուի հայերէն նոր գիրքի մը հրատարակման։ Իսկ ամէն անգամ, երբ դպրոց մը կամ համայնքային կազմակերպութիւն մը ձեռք բերէ մեր հրատարակած գիրքերէն օրինակներ, աշխոյժ եւ յարատեւ զարգացող արեւմտահայ գրականութեան մը մեր հասարակաց տեսլականը, անկասկած, քայլ մը եւս պիտի մօտենայ շօշափելի իրականութիւն մը դառնալուն»։
«Արփի» հրատարակչատան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելեցէք arpipublishing.com կայքը։