image

Առանց վիզայի գլխաւոր ուղղութիւն. Ռուսերը կը նախընտրեն նաեւ Երեւան այցելութիւնը

Առանց վիզայի գլխաւոր  ուղղութիւն. Ռուսերը կը նախընտրեն նաեւ Երեւան այցելութիւնը

Թուրքիան, Եգիպտոսը եւ Թայլանտը կը մնան ամենայայտնի առանց վիզայի երկիրները ռուսերու համար, «ՌԻԱ Նովոստի»-ին ըսած է Ռուսիոյ թուր-արդիւնաբերութեան միութեան փոխնախագահ Տմիթրի Կորինը։

«Ռուսերը կրնան առանց վիզայի հանգստանալու մեկնիլ շարք մը երկրներ։ Ամենատարածուած ուղղութիւններն են Թուրքիան, Եգիպտոսը եւ Թայլանտը»,- նշած է գործակալութեան զրուցակիցը։

Ան նաեւ նշած է, որ առանց յատուկ թոյլտւութեան կարելի է այցելել նաեւ Պելառուսիա, Հայաստան, Ղազախստան, Ատրպէյճան, Ուզպեքստան, Վրաստան, Սերպիա։ Տարածուած են նաեւ Մալտիւներ, Ինտոնեզիա, Վիեթնամ, Քուպա, Տոմինիքանա եւ Վենեսուելա ճամբորդութիւնները։