Թուրքիան, Եգիպտոսը եւ Թայլանտը կը մնան ամենայայտնի առանց վիզայի երկիրները ռուսերու համար, «ՌԻԱ Նովոստի»-ին ըսած է Ռուսիոյ թուր-արդիւնաբերութեան միութեան փոխնախագահ Տմիթրի Կորինը։
«Ռուսերը կրնան առանց վիզայի հանգստանալու մեկնիլ շարք մը երկրներ։ Ամենատարածուած ուղղութիւններն են Թուրքիան, Եգիպտոսը եւ Թայլանտը»,- նշած է գործակալութեան զրուցակիցը։
Ան նաեւ նշած է, որ առանց յատուկ թոյլտւութեան կարելի է այցելել նաեւ Պելառուսիա, Հայաստան, Ղազախստան, Ատրպէյճան, Ուզպեքստան, Վրաստան, Սերպիա։ Տարածուած են նաեւ Մալտիւներ, Ինտոնեզիա, Վիեթնամ, Քուպա, Տոմինիքանա եւ Վենեսուելա ճամբորդութիւնները։