image

Հալէպ ապրիլ եւ Երեւանի մէջ դասաւանդել. Սոնիա Գաբրիէլեանի երազը

Հալէպ ապրիլ եւ Երեւանի մէջ դասաւանդել. Սոնիա Գաբրիէլեանի երազը

Նկարչուհի Սոնիա Գաբրիէլեանը հրաժարած է սիրած աշխատանքէն, բայց չէ լքած Հալէպը, որն իր միակ տունը կը համարէ:

Սուրիահայ նկարչուհի Սոնիա Գաբրիէլեանը կը համարէ, որ արուեստի մասին իր պատկերացումները թերի կ'ըլլային, եթէ չըլլար փուչիկներու (պալոններու) ստեղծած գոյներու խաղը: Սկզբնական շրջանին  իր  համար խորթ էր ձեւաւորման (տիզայնի) այս ձեւը, բայց շուտով  զգաց,   որ  իր  կատարած ընտրութիւնը պիտի գնահատուի  յատակպէս, երբ  կը մասնակցէր համագումարի մը, որուն ներկայ կ՚ըլլային Սուրիոյ   քաղաքական  ղեկավարութեան       եւ պատասխանատուներու տիկինները։    

«Ինձմէ ցուցահանդէսի լոկոն (կերպ) ուզեցին: Եւ ես լոկոն այնպէս ըրի, կարծես գծագրութիւն ըլլար, գոյներու համադրումը, բացը, մուգը, այնքան գեղեցիկ եղաւ, երբ իրականի կողքին կը դնես, տարբերութիւն չես գտներ: Երկրի ղեկավարութեան   տիկնայք նկարներ ունեցան աշխատանքիս կողքին: Այսպէս ես աւելի նիշ ստացայ»,-«Արեւելք»-ին կը պատմէ տիկին Սոնիան, որ մօտ 20 տարի առաջ Սուրիոյ մէջ հիմնած էր այս աշխատանքով զբաղուող «Սոնիքա» ընկերութիւնը:

Ան տարիներ շարունակ ոչ միայն այս, այլեւ նկարչական աշխատանքները լուսանկարիչ   զաւակին  հետ ներկայացուցած է աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ, եղած է նաեւ Համազգայինի Արշիլ Կորքի արուեստանոցի հիմնադիր-անդամներէն, իսկ որոշ ժամանակ՝ ղեկավարած է այն, սակայն իր համար առաջնային մնացած է փուչիկներու ձեւաւորման արուեստը: «Սիրահարուեցայ ես այս գործին»,-կ'ըսէ տիկի Սոնիան  , որ, սակայն, պատերազմի պատճառով ստիպուած եղած է դադրեցնել այն, իսկ այսօր զրկուած է այն շարունակելու հնարաւորութենէն:

Մօտ մէկ ամիս առաջ իր եւ տղուն հետ տեղի ունեցած ինքնաշարժի  արկածի ժամանակ հրաշքով փրկուած են, մատները լուրջ վնասուած են, բայց  ան չի դադրիր երազել սիրելի աշխատանքին մասին: Կ'ուզէ ոչ միայն շարունակել, այլեւ դասաւանդել: Նպատակներէն մէկն է ադ մէկը Հայաստանի մէջ ալ  ընել:

Հայաստանի մէջ գործել, բայց ապրիլ միայն Սուրիոյ մէջ. Սոնիա Գաբրիէլեանը պատերազմի ժամանակ երբ ստիպուած դադրեցուցած է սիրած աշխատանքը,  փոխարէնն այլ ընելիք գտած է, բայց երբեք չէ մտածած Հալէպը լքելու մասին: Այն իր միակ տունն կը համարէ, ուրկէ կարճ ժամանակով բացակայելու պարագային ալ   արագօրէն   կը կարօտնայ։

«Իմ գերդաստանս գնաց, ես եւ տղաս մնացինք Հալէպի մէջ, եւ կ'ըսէի՝ այս երկրի հացն ու ջուրը խմած  եմ, չեմ կրնար  կռնակ  դարձնել: Այդ դժուարութիւնները, որոնցմէ անցանք այս 7 տարիներուն, թշնամիիս նոյնիսկ չեմ ցանկար»,-կ'ըսէ Սուրիոյ քաղաքացին:

Կը կարծէ, որ պարտք ունի Սուրիոյ   հանդէպ – որն է  ՝ մասնակցիլ երկրի կառուցման գործին: Տեսնելով երկրի վերականգնումը՝ կը հրճուի: Հպարտութեամբ կ'ըսէ.  «Տեսէք, թէ այս ժողովուրդն ինչ ուժ ու կորով ունի, որ կ'ուզէ նորէն իր երկիրը շտկել, ես այս ուղղութեամբ կ'աշխատիմ, Սուրիան իմս է: Ես պատերազմի ժամանակ ամէն տեղ կ'երթայի՝ զինուորներուն օգնութիւն տանելու համար, մենք այստեղ ապրեցանք պատերազմը, եւ   հիմա օրը օրին կը տեսնենք այս բարելաւումը»:

Ան հպարտ է իր հայ ըլլալով, կ'ըսէ՝ բնիկ սասունցի է, ու բարձր կը գնահատէ նաեւ այն յարգանքը, որ սուրիահայերն կը վայելեն այս երկրին մէջ:

Պատերազմի ժամանակ Սոնիա Գաբրիէլեանն ընդգրկուած եղած է տարբեր յանձնախումբերու մէջ.  Եղած  է անդամ կանանց  դերի բարձրացմանն ուղղուած «Տիկնանց կոմիտէ»ին մէջ, նաեւ այլ յանձնախումբի մէջ, որուն նպատակն էր թափառաշրջիկ երեխաներուն փողոցէն կտրելը:

«Մարդիկ կային, որ տուն չունէին, իմ տուներս անոնց տրամադրութեան տակ դրի, որպէսզի կարենան  իրենց գլխուն վրայ  առաստաղ ունենալ, պահուին-պահպանուին թշնամիներէն: Շէնք մը ունէինք, ուր 25 ընտանիք պահեցինք»,-կ'ըսէ Սոնիա Գաբրիէլեանը:

Հիմա կ'երազէ  առողջանալ ու սիրած աշխատանքով զբաղուիլ, վստահ է, որ այդ մէկը եւս կը յաջողի ընել, դժուարութիւններ յաղթահարած ու յարգանք վայելող արուեստագէտը կ'ըսէ. «Յաճախ կ'ըսեմ՝ Աստուա՛ծ, գիտեմ, որ ինծի շատ կը սիրես, բայց որ այսքան շատ, չէի գիտեր»: