image

Մանուէլ Գրիգորեանի փաստաբանը հրաժարած է անոր իրաւաբանական օգնութիւն ցուցաբերելէ

Մանուէլ Գրիգորեանի փաստաբանը հրաժարած է անոր իրաւաբանական օգնութիւն ցուցաբերելէ

Փաստաբան, Մանուէլ Գրիգորեանի պաշտպան Հրանդ Անանեան հրաժարած է պատգամաւորին իրաւաբանական օգնութիւն ցոյց տալ եւ դադրած է անոր պաշտպանը ըլլալ:

Այդ մասին ան գրառում կատարած է ֆէյսպուքեան իր էջի մէջ:

«Երէկ վարչապետի ելոյթէն, ինչպէս նաեւ երեկոյեան ԱԱԾ տեսանիւթի հրապարակումէն ետք եկած եմ անակնկալի, որ Մանուէլ Գրիգորեանի պաշտպանութիւնը ստանձնելու պահունն՝ խումբի կազմի մէջ ապօրինաբար զէնք-զինամթերք պահելու կասկածանքէն բացի, գործով առկայ են այլ հանգամանքներ, որոնց մասին մինչ այդ տեղեկացուած չեմ եղած, նոյնիսկ նախաքննութեան մարմինը նման կասկածանք չէ առաջադրած եւ նիւթ չէ տրամադրել։

Ներկայ պայմաններու մէջ նպատակայարմար չեմ գտներ այլեւս շարունակելու իրականացնել Մ.Գրիգորեանին իրաւաբանական օգնութիւն ցոյց տալը, եւ իմ առաջարկովս Մ.Գրիգորեանի համաձայնութեամբ (ինչն օրէնքով պարտադիր է) նախաքննութեան մարմինը քիչ առաջ արձանագրեց այդ փաստը, եւ ես դադրած եմ անոր պաշտպանը ըլլալէն»։