image

«Զանգեզուրի միջանցքը» Հարաւային Կովկասի մէջ երկարատեւ խաղաղութիւն պիտի ապահովէ. Թուրքիոյ ԱԳՆ ներկայացուցիչ

«Զանգեզուրի միջանցքը» Հարաւային Կովկասի մէջ երկարատեւ խաղաղութիւն պիտի ապահովէ. Թուրքիոյ ԱԳՆ ներկայացուցիչ

Այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ի իրականացումը Հարաւային Կովկասի մէջ երկարատեւ խաղաղութիւն պիտի ապահովէ: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Մեթին Քըլըչը։

««Զանգեզուրի միջանցք»ը երկաթուղային եւ ցամաքային ճանապարհներով պիտի կապէ Չինաստանը եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկրները Եւրոպայի հետ՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջոցով՝ խաղալով Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ կամուրջի կարեւոր դեր։

Նախագիծի իրականացումը նաեւ պիտի ապահովէ խաղաղութիւն Հարաւային Կովկասի մէջ:

Կարեւոր է նաև, որ Հայաստանը կը ցուցաբերէ խաղաղութեան պատրաստակամութիւն եւ կը հասկանայ, որ «Զանգեզուրի միջանցք»էն դուրս մնալը տնտեսապէս անշահաւէտ է: Յատկապէս նշանակալից է, որ միջանցքը թոյլ պիտի տայ Նախիջեւանին, որ Ատրպէյճանի անբաժանելի մասն է, դուրս գալ շրջափակումէ», -ըսած է ան։

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներն ԱՄՆ նախագահի միջնորդութեամբ օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ ստորագրած են փաստաթուղթ՝ տարածաշրջանին մէջ հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման մասին: Խօսքը «Թրամփի երթուղի միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար» անուամբ տարանցիկ եւ զարգացման նոր նախագիծի մասին է: