Օրերս Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ շահեկան դասախօսութեամբ մը հանդէս եկած է Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանը։
Միջոցառման մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ ձեռնարկի կազմակերպիչ մարմնի՝ Կիպրոսի Համազգայինի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ այդ առթիւ հրապարակուած լրատւութիւնը։
Համազգայինի Նիկոսիոյ «Յ․ Օշական» Մասնաճիւղի՝ նոր տարեշրջանի առաջին Մշակութային Երեկոն, նուիրուած Մեծն Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850-ամեակին, տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 6 Դեկտեմբեր 2024-ին։
Երեկոյին ներկայ գտնուեցան Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդը, Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչը, Լիմասոլի եւ Նիկոսիայի հոգեւոր հովիւները, ազգային մարմիններու եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Բանալով յայտագիրը, Արթօ Դաւիթեան վարչութեան անունով ներկայացուց օրուան բանախօսը՝ Տէր Կոմիտաս Արքեպիսկոպոս Օհանեանը, որ հմտօրէն պատրաստուած դասախօսութեամբ մը ներկայացուց Մեծ Հայրապետին կեանքն ու վաստակը։
Սրբազանը նախ նկարագրեց Կիլիկիոյ Թագաւորութեան ստեղծումին պայմանները, ու անոր զարգացումն ու ծաղկումը, շնորհիւ մտաւորական հոգեւորականներու փայլուն հոյլի մը, որոնց մէջ իւրայատուկ տեղ ունի Ներսէս Դ․ Կլայեցի Կաթողիկոսը։
Կոմիտաս Սրբազան մէկ առ մէկ ներկայացուց այն հոգեւոր եւ մշակութային բնագաւառները, որոնց մէջ Շնորհալի իր ստեղծագործ հանճարով բարեկարգիչ դերակատարութիւն ունեցաւ։ Ան ըսաւ նաեւ, որ Ներսէս Շնորհալի, իր բազմատաղանդ գործունէութեամբ, կրնայ իրաւամբ Հայոց երկրորդ Լուսաւորիչը կոչուիլ։
Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին Սրբազան Հօր դասախօսութիւնը, որուն ընթացքին ցուցադրուեցան նաեւ երկու տեսանիւթեր՝ Շնորհալիի յօրինած շարական մը եւ Կիլիկիոյ Թագաւորութեան մասին փոքր երիզ մը։
Երեկոն փակուեցաւ հիւրասիրութեամբ, որուն ընթացքին շարունակուեցաւ հոգեշահ խօսակցութիւնը։