image

Նիկոլ Փաշինեանը սփիւռքահայ Նուրհան պապիկին անձամբ յանձնած է ՀՀ քաղաքացիութեան անձնագիրը

Նիկոլ Փաշինեանը սփիւռքահայ Նուրհան պապիկին անձամբ յանձնած է ՀՀ քաղաքացիութեան անձնագիրը

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ քաղաքացիի անձնագիր յանձնած է 105-ամեայ Նուրհան Եուսուփովիչին: Այս մասին վարչապետը գրած է Facebook-ի իր էջին վրայ՝ լուսանկարի հետ միասին:

«Ինծի համար մեծ պատիւ էր Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի անձնագիր յանձնել 105-ամեայ մեր հայրենակից Նուրհան Եուսուփովիչին (ծնեալ Պոլիս, 1915-ին):

Կրկնակի յուզիչ էր գիտնալ, որ Նուրհան Եուսուփովիչը մշտական բնակութեան Հայաստան վերադառնալու որոշումը կայացուցած էր՝ ոգեշնչուելով ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութեամբ:

Նկարին մէջ՝ Նուրհան Եուսուփովիչը կը համբուրէ իրեն շնորհուած ՀՀ քաղաքացիի անձնագիրը»,- գրած է վարչապետը:

Նշենք, որ 105-ամեա Նուրհան Պօղոս Եուսուփովիչը քանի մը ամիս է կ՝ապրի  Հայաստանի մէջ: Որոշած է կեանքի մնացեալ հատուածը ոչ միայն անցնել  Հայաստանի մէջ, այլեւ ստանալ ՀՀ քաղաքացիութիւն:

19 Փետրուարին, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած էր, որ նախագահին առաջարկած է քաղաքացիութիւն շնորհել Հայաստան տեղափոխուած 105-ամեայ իտալահայուն: