image

Փութին անձամբ շնորհաւորած է Մաէսթրօ Չէքիճեանը

Փութին անձամբ շնորհաւորած է Մաէսթրօ Չէքիճեանը

Երէկ՝ 23 դեկեմբերի ժամը 12.00-ին, ԽՍՀՄ (Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւններու Միութիւն) ժողովրդական արուեսագէտ, ՀՀ ազգային հերոս Յովհաննէս Չէքիճեանին անձամբ զանգահարած է ու շնորհաւորած զինք Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին: Այս մասին յայտնած են Յովհաննէս Չէքիճեանի 95-ամեակին նուիրուած յոբելինական համերգի ժամանակ:

Նշենք, որ Հայաստանի ազգային հերոս Յովհաննէս Չէքիճեան երէկ տօնած է իր 95-րդ տարեդարձը: