Երկուշաբթի, Յունիս 20-ին Համազգայինի կազմակերպութեամբ Փարիզի Հայ Մշակոյթի Տան մէջ տեղի ունեցաւ Կայա Կեռեանի «L’Arménienne. l’indestructible fil de la vie» գիրքին ներկայացումը, որ լոյս տեսած է Հոկտեմբեր 2015-ին, XO հրատարակչատունէն (269 էջ)։
«Բազմաթիւ փոթորիկներու եւ արեան գետերու ծնունդ եմ… Հայաստանի ծնունդ եմ բայց սրտիս մօտ եղող հայրենիքս աւերուած է։ Փոքր տարիքէս Փարիզի մէջ կը լսէի հոն մորթուած հայ ժողովուրդի հեռուներէն եկող արձագանգը։ Մեծ մայրս Աշխէնը եւ մայրս՝ Ազատը, այնտեղէն էին, ինչպէս ծեծուած, վաճառուած, բռնաբարուած ու արտաքսուած միլիոնաւոր կիներ, ինչպէս բոլոր խեղդամահ եղած երախաները, անոնք ալ դատապարտուած էին մահուան։ Անոնք սակայն հրաշքով վերապրեցան։ Տարիներու ընթացքին ես վերակերտեցի անոնց պատմութիւնը», կ՚ըսէ հեղինակը։ Ան իր մօրը եւ մեծ մօրը աներեւակայելի պատմութիւնը նկարագրելով կը բացայայտէ Հայոց ցեղասպանութեան սարսափելի դաժանութիւնը, միաժամանակ ցոյց տալով թէ՝ կրելով հանդերձ անցեալէն ժառանգ մնացած ծանր բեռը կարելի է փարիլ կեանքին։ Ան իր մօրը մահէն երեք տարի ետք՝ 2004-ին սկսած է գրել, որովհետեւ ատիկա իրեն համար կենսական անհրաժեշտութիւն մը եղած է, որպէսզի երբեք չջնջուին ցեղասպանութեան հետքերը։Ձեռնարկին բացումը կատարեց Արփի Շիրվանեան եւ յուշեր պատմեց «Դպրոցասէր»-ի մէջ իրենց (իր եւ հեղինակին) անցուցած տարիներու մասին։ Կայա Կեռեան - ի մէջ այլոց - հայկական պարեր կը սորվեցնէր աղջիկներուն, որոնք ուրախութեամբ կը մասնակցէին շաբաթօրեայ պարի դասերուն։ Տաքարիւն անձնաւորութիւն էր, հայ հոգի ունէր ու կը խանդավառէր շուրջինները, անոնցմէ թաքցնելով անցեալի ցաւոտ վէրքերը…։ Իր կարգին հեղինակն ալ խօսեցաւ դպրոցական տարիներու մասին եւ մանաւանդ անդրադարձաւ Յունաստանէն Մարսիլիա փոխադրուած 80-100 հայ որբուհիներու ճակատագրին, որոնք ի վերջոյ յատկապէս Տիկ. Պօյաճեանի ջանքերով կարողացան Փարիզեան մէկ արուարձանին մէջ ապաստարան մը գտնել ու այնտեղ հաստատուիլ… Ան գիրքէն քանի մը դրուագներ ներկայացուց։ Պատմութիւնը կը սկսի 1915-ի ամրան Տրապիզոնի մէջ, ուր ծնած է մայրը…։ Ինչպէս ծանօթ է, այր մարդիկ գնդակահարուած էին, կիները եւ տարեցները՝ աքսորուած, 300 երախաներ ալ խեղդամահ եղած։ Տարագրութեան ճանապարհին գիշեր մը իր մեծ մայրը կը ծնի մանչուկ մը, որուն առաջին ճիչերը լսելով թուրք զինուորներ կը ստիպեն մայրը ողջ-ողջ թաղելու… իր զաւակը։ Այս ահաւոր դէպքէն ետք ան կը յաջողի փախուստ տալ եւ հետիոտն կը հասնի Կոստանդնուպոլիս։ Մայրը, երեք տարեկանին խլած են մեծ մօրը գիրկէն եւ նետած դէպի նաւահանգիստ յառաջացող մանուկներու կարաւանի մը մէջ։ Անոնց կը սպասէին տասնեակ մը նաւեր։ Զինուորները պարկերու մէջ փակած են երախաները եւ զանոնք բարձած նաւերուն վրայ եւ վերջը՝ ծովը թափած…։ Այդ զինուորներէն մէկը կը ճանչնայ մայրը եւ քանի որ անցեալին աշխատած էր իրենց ընտանիքին համար, կ՚որոշէ թաքցնել պզտիկը… Աւելի ուշ մայր ու աղջիկ հրաշքով զիրար կը վերագտնեն…։
Հեղինակը «Դպրոցասէր» վարժարանին մէջ տեղեկացած է ցեղասպանութեան առընչուող իրադարձութիւններու մասին, իսկ աւելի ուշ վերապրողներու վկայութիւններէն օգտուելով սկսած է պրպտել եւ ուսումնասիրել այդ օրերու եղերական պատմութիւնը։ Գտած է իր ծնողներու ապրած վայրերու լուսանկարները, որոնց միջոցաւ կրցած է գծել անոնց արկածալից ուղեւորութեան քարտէսը…
Կարելի է ըսել, թէ այս գիրքով իր ընտանիքին ոդիսականին ընդմէջէն հեղինակը կը վերարժեւորէ կիները եւ անոնց մղած պայքարը։ «Բազում փորձանքներու ենթարկուելով հանդերձ այդ կիները չեն ընկրկած եւ յաջորդ սերունդներուն փոխանցած են «երբեք չմոռնալու» իրենց կտակը»։
Կայա Կեռեան կը սիրէ Ժան Ժօրէսի Ֆրանսան, որ գրկաբաց ընդունած եւ ապաստան տուած է տարագիր Հայերուն եւ կը յուսայ որ իր պատումները փոքրիկ յոյս մը կը ներշնչեն բոլոր անոնց, որոնք դժբախտաբար մեր օրերուն հարկադրուած ձգելով իրենց օրրանները թափառական ու աքսորական կեանք կը վարեն… Հարցում-պատասխաններու բաժինէն ետք երեկոյթի աւարտին Տիկ. Կեռեան մակագրեց իր հատորները։
Լուրի աղբիւր՝ «Նոր Յառաջ»