Ուաշինկթընի մէջ յուլիս 9-11-ը տեղի ունեցած ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի ամփոփիչ յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ 2026 թուականին ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովը պիտի հիւրընկալէ Թուրքիան: Այս մասին յայտնած են թրքական լրատուամիջոցները։
Փաստաթուղթին մէջ նաեւ նշուած է, որ ՆԱԹՕ-ի յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Հոլանտայի մէջ։
«Մենք երախտապարտ ենք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ մեզի ցուցաբերած առատաձեռն հիւրընկալութեան համար, մենք անհամբերութեամբ կը սպասենք մեր յաջորդ գագաթնաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 2025 թուականի յունիսին՝ Հաակայի մէջ (Հոլանտա), իսկ յետոյ՝ Թուրքիոյ մէջ», -ըսուած է յայտարարութեան մէջ: