Զելենսքիի եւ Թրամփի երկխօսութիւնն արդէն հաստատուած է, եւ կը նախապատրաստուի հանդիպում։ Այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Սիպիկա։
«Անոնց հեռաձայնային կապը Թրամփի յաղթանակէն անմիջապէս յետոյ ուղղակիօրէն կը վկայէ արդէն գոյութիւն ունեցող շփման մասին», - ըսած է ան: