image

Քազանի մէջ «Պրիքս»-ի գագաթնաժողովը պիտի որոշէ պատմութեան ընթացքը. Մաթվիէնքօ

Քազանի մէջ «Պրիքս»-ի գագաթնաժողովը պիտի որոշէ պատմութեան ընթացքը. Մաթվիէնքօ

Քազանի մէջ «Պրիքս»-ի գագաթնաժողովը պիտի որոշէ պատմութեան ընթացքը։ Այսպիսի յայտարարութիւն ըրած է Ռուսիոյ Դաշնութեան խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիէնքօ:

«Աշխարհը լրջօրէն փոխուած է։ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնները չեն, որ պիտի դառնան համաշխարհային հանրութեան համար ամենանշանակալի եւ պատմութեան հետագայ ընթացքը որոշող իրադարձութիւնը: Որքան ալ այդ ցանկայ Ուաշինկթըն։ Այլ այդ պիտի ըլլայ «Պրիքս»-ի գագաթնաժողովը։ Ասիկա առարկայական եւ անշրջելի գործընթացներու արտացոլումն է»,- նշած է Մաթվիէնքօ։

Ան ընդգծած է, որ «Պրիքս» գագաթնաժողովի երեք օրն է, որ առանցքային ազդեցութիւն պիտի ունենայ մարդկութեան ապագային վրայ, այլ ոչ թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ քուէարկութեան արդիւնքները, ինչպէս կը փորձեն բոլորին պարտադրել ամերիկեան եւ այլ համաշխարհային լիպերալ լրատուական միջոցները։

«Ինքնիշխան պետութիւններուն մէջ իսկապէս պատասխանատու քաղաքական գործիչները կը հասկնան այդ։ Անոր վառ ապացոյցն է գագաթնաժողովին ներկայացուցչութեան մակարդակը եւ միաւորման անդամակցելու յայտերու թիւի մշտական աճը։ Վստահ եմ, որ բոլոր ցամաքամասերուն մէջ կը հետեւին Ռուսիայէն եկող նորութիւններուն։ Եւ ճիշդը այդ է »,- ըսած է Մաթվիէնքօ։