image

«Հայ ազգային քոնկրես»-ը ներկայացուցած է նախընտրական ցուցակը. Վարչապետի թեկնածուն Լեւոն Զուրաբեանն է

«Հայ ազգային քոնկրես»-ը ներկայացուցած է նախընտրական ցուցակը.  Վարչապետի  թեկնածուն  Լեւոն Զուրաբեանն է

«Հայ ազգային քոնկրես» կուսակցութիւնը ներկայացուցած է նախընտրական ցուցակի առաջին տասնեակը ՀՀ Ազգային Ժողովի առաջիկայ ընտրութիւններուն։

Վարչապետի թեկնածուն Լեւոն Զուրաբեանն է, որ ցուցակին մէջ առաջին համարն է։

Անոր կը յաջորդեն Արամ Մանուկեանը, Տաթեւ Զորյեանը, Սամուէլ Աբրահամեանը, Աւետիս Աւագեանը, Եւա Ադամեանը, Ալեքսան Յակոբեանը, Արամ Բաղրամեանը, Լիլիկ Թառլամազեանը, Մամիկոն Կանոյեանը։

Հայաստանի մէջ ԱԺ հերթական ընտրութիւնները պիտի կայացուին 2026 թուականի յունիս 7-ին։