Երեւանի Բաղրամեան փողոցի վրայ կը շարունակուի ընդդիմութեան հերթական բողոքի գոծողութիւնները: Փաշինեանի պահանջով հրապարակ ելած քաղաքական ուժերը այսօր գլխաւորաբար խօսած են նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնանկման օրինագիծի վերաբերեալ ստեղծուած իրավիճակին մասին:
Նշենք, որ հանրահաւաքի ընթացքին այս մասին արտայայտուած է ՀՅԴ ներկայացուցիչ Արծուիկ Մինասեան: Ան մասնաւորապէս ըսած է, որ եթէ նախագահը յապաղի իր որոշումին մէջ, այդ կը նշանակէ անգործունեայ իրավիճակի մը տանիլ իր պաշտօնը, հետեւաբար նաեւ օգտակար չդառնալ, որպէսզի ստեղծուած քաղաքական տագնապը լուծումի յանգի:
Նշենք որ հարիւրաւոր քաղաքացիներ ներկայ են հրապարակին վրայ եւ ելոյթներ կ'ունենան տարբեր քաղաքական գործիչներ: