image

Նախագահը պէտք չէ յապաղի իր որոշումին մէջ. Ընդդիմութիւնը կը շարունակէ բողոքի հաւաքը Բաղրամեան փողոցի մէջ (Տեսանիւթ)

Նախագահը պէտք չէ յապաղի իր որոշումին մէջ. Ընդդիմութիւնը կը շարունակէ բողոքի հաւաքը Բաղրամեան փողոցի մէջ (Տեսանիւթ)

Երեւանի Բաղրամեան փողոցի վրայ կը շարունակուի ընդդիմութեան հերթական բողոքի գոծողութիւնները: Փաշինեանի պահանջով հրապարակ ելած քաղաքական ուժերը այսօր գլխաւորաբար խօսած են նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնանկման օրինագիծի վերաբերեալ ստեղծուած իրավիճակին մասին:

Նշենք, որ հանրահաւաքի ընթացքին այս մասին արտայայտուած է ՀՅԴ ներկայացուցիչ Արծուիկ Մինասեան: Ան մասնաւորապէս ըսած է, որ եթէ նախագահը յապաղի իր որոշումին մէջ, այդ կը նշանակէ անգործունեայ իրավիճակի մը տանիլ իր պաշտօնը, հետեւաբար նաեւ օգտակար չդառնալ, որպէսզի ստեղծուած քաղաքական տագնապը լուծումի յանգի:

Նշենք որ հարիւրաւոր քաղաքացիներ ներկայ են հրապարակին վրայ եւ ելոյթներ կ'ունենան տարբեր քաղաքական գործիչներ: