Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Լիբանան պիտի այցելէ: Այս մասին այսօր տեղեկութիւն տուած է «Ալ տիար» օրաթերթի ելեքդրոնային էջը: Աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ շատ հաւանական է, որ Ասատ հասնի Պեքքա, ուր պիտի դիմաւորուի Լիբանանի նորընտիր նախագահ Զօր. Միշէլ Աունին կողմէ: Նշուած է նաեւ, որ կողմերը պիտի քննարկեն հասարակաց հետաքրքրութիւն ունեցող թեմաներ եւ Սուրիոյ պատերազմին վերջին զարգացումները:
Յիշեցնենք , որ «Ալ Տիար» օրաթերթը կը համարուի Սուրիոյ իշխանութիւններուն մօտիկ թերթ մը: