image

Պաշշար Ասատն ու ընտանիքի անդամները ժամանած են Մոսկուա

Պաշշար Ասատն ու ընտանիքի անդամները ժամանած են Մոսկուա

Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատն ու ընտանիքի անդամները ժամանած են Մոսկուա, Ռուսիոյ Դաշնութիւնը անոնց քաղաքական ապաստան տրամադրած է, «ԹԱՍՍ»-ին եւ «Ռիա Նովոսթի»ին յայտնած է Քրեմլի աղբիւրը։

«Սուրիոյ նախագահ Ասատը եւ անոր ընտանիքի անդամները ժամանած են Մոսկուա։ Մարդասիրական նկատառումներէ ելլելով՝ Ռուսիան անոնց ապաստան տրամադրած է», -ըսած է աղբիւրը։

Նշենք, որ Սուրիոյ ընդդիմադիր եւ յեղափոխական ուժերու ազգային դաշինքը յայտարարած է երկրին մէջ ներառական «անցումային իշխանութիւն» ձեւաւորելու մտադրութեան մասին։