Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, որ Մոսկուան եւ Քիեւը գերիներու փոխանակում իրականացուցած են 246-ը 246-ի դիմաց։
Միեւնոյն ժամանակ Ռուսիոյ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ Վալերի Կերասիմով նախագահ Վլատիմիր Փութինին զեկուցած է, որ Քուրսքի մարզի 99.5 տոկոսը վերադարձուած է ռուսական վերահսկողութեան տակ:
«Մնացած է Ուքրանիոյ հետ սահմանին գտնուող 2 տարածք, այնտեղ մարտերը կը շարունակուին»,- մանրամասնած է Կերասիմով:
Ան աւելցուցած է, որ Պելկորոտի մարզին մէջ ալ ուքրանական սակաւաթիւ ուժեր կան, որոնք աստիճանաբար ետ կը մղուին: