image

Մոնթրէալի եւ Լաւալի քաղաքապետական ընտրութիւններուն երեք հայազգի թեկնածուներ յաղթանակ կ’արձանագրեն

Մոնթրէալի եւ Լաւալի քաղաքապետական ընտրութիւններուն երեք հայազգի թեկնածուներ յաղթանակ կ’արձանագրեն

Գանատայի Քեպեք նահանգի քաղաքապետական ընտրութիւնները տեղի ունեցան Նոյեմբեր 2ին եւ Մոնթրէալի ու Լավալի քաղաքապետական ընտրութիւններուն առաջադրուած հայազգի թեկնածուներէն երեքը յաղթանակ արձանագրեցին:

Մոնթրէալի ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած հայազգի թեկնածուներն են` Վանայ Նազարեան, երկրորդ անգամ ըլլալով, «Անսամպլ Մոնրէալ» կուսակցութեան կողմէ, Սեն Լորան շրջանի Côte-de-Liesse ենթաշրջանի քաղաքապետութեան եւ Շահէ Տարագճեան, երկրորդ անգամ ըլլալով, նոյն կուսակցութեան կողմէ, Pierrefonds-Roxboro շրջանի Cap-Saint-Jacques ենթաշրջանի քաղաքապետութեան, իսկ Լավալի ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրեց Սեդա Թոփուզեան, նոյնպէս երկրորդ անգամ ըլլալով, «Մուվըման Լավալուա» կուսակցութեան կողմէ, Լավալի Renaud Coursol շրջանի քաղաքապետութեան:

Մարի Տերոս, որ իր թեկնածութիւնը առաջադրած էր «Անսամպլ Մոնրէալ» կուսակցութեան կողմէ, Villeray-Saint-Michel-Parc-Extension շրջանի Parc-Extension ենթաշրջանի քաղաքապետութեան, սակաւաթիւ քուէներով կորսնցնելէ ետք բողոքարկեց, եւ արդիւնքը ենթակայ է վերատեսութեան: