image

ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանը՝ Հայաստանի զարգացումներուն առնչութեամբ. «Վստահ ենք, որ ճշմարտութիւնը պիտի յաղթանակէ»

ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանը՝ Հայաստանի զարգացումներուն առնչութեամբ. «Վստահ ենք, որ ճշմարտութիւնը պիտի յաղթանակէ»

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն առնչութեամբ, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Թեմական Խորհուրդի անունով, Առաջնորդարանը հանդէս եկած է հոգեւոր եւ հաւասարակշռուած յայտարարութեամբ։ Յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է  Բարձրեալն Աստուծոյ Նախախնամութեան հանդէպ վստահութիւնը, արդարութեան եւ իրաւունքի անխախտ կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան եւ Հայ Եկեղեցւոյ կանոնական իրաւունքի նկատմամբ յարգանքը։ Առաջնորդարանը միաժամանակ հաւատացեալները կը հրաւիրէ անսասան մնալու աղօթքի մէջ եւ առաջնորդուելու հաշտութեան, ներողամտութեան ու քրիստոնէական սիրոյ ոգիով։

Ստորեւ  ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմին  կողմէ հրապարակուած  յայտարարութիւնը՝

Աղօթական սրտով եւ հոգեւոր խորհրդածութեամբ՝ Թեմական Խորհուրդը եւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մօտէն կը հետեւին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, մինչ մեր Եկեղեցին ու ազգը կը դիմագրաւեն աննախադէպ ժամանակներ, որոնք զանազան զգացումներ կը յառաջացնեն թէ՛ Հայրենիքի եւ թէ՛ աշխարհասփիւռ հայութեան մէջ։

Որպէս քրիստոնեաներ՝ կը հաւատանք Աստուծոյ կամքին եւ Անոր Աստուածային Նախախնամութեան, որով Ան կը հոգայ Իր արարչութեան մասին։ Սուրբ Գրքի մէջ Գամաղիէլ եւս կը հաստատէ այս միտքը՝ ըսելով. «Եթէ խորհուրդը կամ գործը մարդոցմէ է՝ պիտի խափանուի. իսկ եթէ Աստուծմէ է՝ չէք կրնար զայն կանխել» (Գործք Առաքելոց 5։38-39)։

Նոյնպէս, մեր հաւատքի կեանքին մէջ առանցքային տեղ կը գրաւեն արդարութիւնն ու իրաւունքը, որոնք բացարձակ արժէքներ են։ Երեմիա մարգարէն մեզ կը յորդորէ. «Իրաւունք եւ արդարութիւն ըրէ՛ք» (Երեմիա 22։3)։

Մենք ճշմարտապէս կը վստահինք Աստուծոյ կամքին եւ հաւատարիմ կը մնանք արդարութեան ու իրաւունքի արժէքներուն։ Ուստի վստահ ենք, որ ճշմարտութիւնը պիտի յաղթանակէ, եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը, թէ՛ Հայ Եկեղեցւոյ կանոնական իրաւունքը բարձր պիտի պահուին եւ յարգուին։

Ուրեմն, անսասան մնանք աղօթքի մէջ եւ առաջնորդուինք հաշտութեան եւ ներողամտութեան ոգիով, ինչպէս վայել է ճշմարիտ քրիստոնեաներուն։

 

Դիւան Առաջնորդարանի