Մտաւորականներու պակա՞ս... Փառք մեր ազգին երբեք չկայ...
Միայն այստեղ քերականական պզտիկ շփոթմունք մը կայ`
Շատեր մտաւորական բառին արմատը կը խառնեն ` «միտք»ը «մուտք»ին հետ կը շփոթեն ու սխալ տեղ կը մտնեն.... Ասոնք է որ մթնոլորտը կ'ապականեն ու մեր ազգին առողջութիւնը կը քանդեն։
Այս կիրակի կարճ բայց շատ կարեւոր խորհուրդ մը մեր ազգային առողջութեան հետ կապուած._
Առողջ ապրելու գաղտնիքը կ'ըսեն թէ առողջ մարմնին, առողջ մտքին ու առողջ հոգիին մէջ է ։
Ազգին պարագան ալ նոյնն է ։ Ազգն ալ ունի իր հոգին, մարմինը եւ միտքը....
Ազգին հոգին ժողովուրդն է , որուն եթէ տիրութիւն չընես, ազգը անհոգի կը դառնայ ...
Իսկ եթէ տիրութիւն ընես, դաստիարակես, բարոյական ու հոգեւոր սնունդ տաս, ազգը ոգեղէն կը դառնայ...
Ազգին մարմինը հայրենիքն է , որ պիտի լաւ պահես ու պաշտպանես որ ազգը մարմնեղ դառնայ ։
Եթէ հայրենիքը լաւ չպահես , Ազգը կը բզկտուի, կը տկարանայ...
Ի միջի այլոց ըսեմ նաեւ որ հայրենիքը վաճառողը մարմնավաճառ կը դառնայ։
Ազգին միտքը իր մտաւորականներն են , որոնք պիտի ազգը լաւ մշակեն , որ ազգը անմիտ չդառնայ....
Մտաւորականներու պակա՞ս... Փառք մեր ազգին երբեք չկայ...
Միայն այստեղ քերականական պզտիկ շփոթմունք մը կայ`
Շատեր մտաւորական բառին արմատը կը խառնեն ` «միտք»ը «մուտք»ին հետ կը շփոթեն ու սխալ տեղ կը մտնեն.... Ասոնք է որ մթնոլորտը կ'ապականեն ու մեր ազգին առողջութիւնը կը քանդեն։
Խաժակ Այնթապլեան