8 յունուարին Հայաստան ժամանած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Աքպար Ահմատիանը: Այս մասին յայտնած են Անվտանգութեան խորհուրդի դիմատետրեան էջէն:
ՀՀ ԱԽ քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը գործընկերոջը դիմաւորած է Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ:
Նշենք, որ Ահմատիանը Երեւան ժամանած է Պաքուէն, ուր կը գտնուէր պաշտօնական այցով։