Քաթարի մէջ բանակցութիւններու ժամանակ Իսրայէլի եւ «Համաս»-ի միջեւ սկզբունքային համաձայնութիւն ձեռք բերուած է Կազայի հատուածի վերաբերեալ, հաղորդած է The Times of Israel-ը՝ վկայակոչելով արաբ պաշտօնեաները:
«Իսրայէլն ու Համասը երկուշաբթի երեկոյեան պայմանաւորուած են պատանդները ազատ արձակելու գործարքի շուրջ»,- գրած է թերթը։ Աղբիւրները կը կարծեն, որ համաձայնագրի մասին պիտի յայտարարուի չորեքշաբթի՝ 15 յունուարին կամ հինգշաբթի՝ 16 յունուարին, այդ պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու, Քաթարի եւ Եգիպտոսի համատեղ յայտարարութիւնը, որոնք միջնորդ եղած են Իսրայէլի եւ «Համաս»-ի բանակցութիւններուն։
Պատուիրակութիւնները կը շարունակեն աշխատիլ Տոհայի մէջ՝ համաձայնագրի մանրամասները քննարկելու համար։ Հիմնական հարցերէն մէկը, որ դեռ պէտք է լուծուի, Կազայէն իսրայէլեան բանակի հեռանալու յարաչափերն են։ Միջնորդներն Իսրայէլէն կը սպասեն քարտէզ, որու վրայ նշուած պիտի ըլլայ այն գօտիները, ուրկէ դուրս պիտի բերուի բանակը։
Ըստ պարբերականի՝ Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով ամերիկեան նոր վարչակազմի ապագայ յատուկ ներկայացուցիչ Սթիւ Ուիթքոֆը շաբաթ օր Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ լարուած հանդիպման ժամանակ «ճնշում գործադրած է վարչապետի վրայ՝ երթալ փոխզիջումներու, որոնք անհրաժեշտ են համաձայնութեան հասնելու համար»։