Իրանի եւ Ռուսիոյ միջեւ Համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան մասին պայմանագիրը ռազմական դաշինքի ձեւաւորում չի նախատեսեր։ Փաստաթուղթն ուղղուած է երկկողմ յարաբերութիւններու բոլոր ուղղութիւններուն, այդ շարքին՝ պաշտպանական համագործակցութեան զարգացման։ Այդ մասին Իրանի պետական հեռուստառատիոընկերութեան եթերին յայտարարած է արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին։
«Այն համալիր, համապարփակ համաձայնագիր է: Կ՚ընդգրկէ երկկողմ յարաբերութիւններու բոլոր երեսները, յատուկ ուշադրութիւն յատկացուած է տնտեսութեան եւ առեւտուրին... Համաձայնագիրը կը ներառէ համագործակցութիւն անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ոլորտի մէջ, սակայն ռազմական դաշինքի ստեղծման նպատակ չի հետապնդեր»,-ըսած է իրանցի դիւանագէտը։
Անոր խօսքով՝ համաձայնագիրն ուղղուած չէ երրորդ երկիրներու դէմ եւ որեւէ կերպ չի սահմանափակեր Ռուսիան եւ Իրանը։
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Քրեմլը յայտնած էր, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը եւ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը յունուար 17-ին բանակցութիւններէն ետք Համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան մասին համաձայնագիր պիտի ստորագրեն։ Ինչպէս աւելի ուշ յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը, համաձայնագիրը, ի թիւս այլ բաներու, ուղղուած է Ռուսիոյ եւ Իրանի հնարաւորութիւններու ուժեղացման՝ պաշտպանունակութիւնն աւելի լաւ ապահովելու համար։