image

Ղըպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Գերպ. Տ. Յովհաննէս ծ.վրդ.ին հիւր

 Ղըպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Գերպ. Տ. Յովհաննէս ծ.վրդ.ին հիւր

 Տօնական օրերու առթիւ Լիմասոլի Ղըպտի քոյր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը  այցելութիւն տուած է տեղի հայոց Սուրբ Գէորգ եկեղեցի եւ ընդունուած Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին կողմանէ։ 

Ասոր մասին  «Արեւելք» տեղեկացաւ   Լիմասոլի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ   դիմատետրեան էջէն։

Նշենք, որ  վերջին ամիսներուն   Գերապատիւ Հայր Սուրբի այդ պաշտօնին կոչուելէն ասդին նոր հմայք մը կ՚ապրին, ոչ միայն Լիմասոլի, այլ նաեւ Պաֆոսի հայկական համայնքները։

 

 Ստորեւ ներկայացուած լրատւութիւնը 

 

Երկուշաբթի 13 Յունուար 2025-ին, լիմասոլի Ղըպտի եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Լուգա Եուսէֆ Ապտըլսաիտ այցելեց լիմասոլի Ս. Գէորգ եկեղեցի։ 

 Ընդունելութեան ընթացքին Հայր Սուրբին կ'ընկերակցէին գաղութիս թաղային Խորհուրդի անդամուհի՝ Տիկին Սիլվա Մենկիշեան եւ եկեղեցւոյ անդամուհի՝ Օրդ. Թամար Օհաննէսեան։

Հայր Սուրբը Տէր Հօր Եկեղեցւոյ եւ Գաղութի պատմութիւնը պատմելէ ետք, Եկեղեցւոյ սրահէն ներս ընդունեցին հիւրերը թէյասեղանի շուրջ։