image

Քալիֆորնիոյ հրդեհներուն հետեւանքով զոհուածներուն մէջ ՀՀ քաղաքացիներ չկան

Քալիֆորնիոյ հրդեհներուն հետեւանքով զոհուածներուն մէջ ՀՀ քաղաքացիներ չկան

ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգին մէջ յունուար 7-էն բռնկած հրդեհներու հետեւանքով զոհուածներու շարքին, այս պահուն ունեցած տեղեկութիւններով, ՀՀ քաղաքացիներ չկան: Այս մասին «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոցին տեղեկացուցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեանը։

«Լոս Անջելեսում ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութիւնն աշխատում է բնականոն ռեժիմով (դրութեամբ), իրականացւում է հիւպատոսական ընդունելութիւն:  Յունուարի 8ին ստացուել է շուրջ երեք տասնեակ հեռախօսազանգ` հիւպատոսական բնոյթի հարցերով: Գլխաւոր հիւպատոսութիւնը մշտական կապի մէջ է տեղական իշխանութիւնների, մասնաւորապէս Լոս Անջելեսի եւ Գլենդելի քաղաքապետարանների, ինչպէս նաեւ համայնքային կառոյցների հետ»,- նշած է ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակը: