Մոսկուան Եւրոպական միութեան (ԵՄ) միանալու գործընթաց սկսելու Երեւանի որոշումը կը դիտարկէ որպէս Եւրասիական տնտեսական միութենէն (ԵԱՏՄ) Հայաստանի դուրս գալու սկիզբ։ Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը։
«Անոնք (Հայաստան-Խմբ.) կ՚ըսեն, որ չեն ծրագրեր լքել ԵԱՏՄ-ը, բայց ինչո՞վ առանձնայատուկ է ներկայիս ստեղծուած իրավիճակը: Երկար ժամանակ է, որ քննարկումներ կ՚ընթանան այն հարցի շուրջ, որ Հայաստանը կը մտերմանայ Եւրոմիութեան հետ, սակայն 2025 թուականի յունուար 9-ին ՀՀ կառավարութիւնը, աջակցելով Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացի մեկնարկն ազդարարող օրինագիծին, իրաւական առումով էական քայլ կատարած է։ Սա է այս իրավիճակի առանձնայատկութիւնը։ Սա Հայաստանի կառավարութեան որոշումն էր, եւ մենք այդ կը համարենք ԵԱՏՄ-էն Հայաստանի դուրս գալու սկիզբ: Հետագայ քայլերը կը մնան Հայաստանի կառավարութեան, կա՛մ կը պնդեն, որ ՀՀ կառավարութեան օրակարգին մէջ նման հարց չկայ, կա՛մ որ չեն ուզեր կամ չեն ծրագրեր լքել ԵԱՏՄ-ը, կա՛մ ալ որ կը գնահատեն, թէ ուր իրենց համար աւելի լաւ պիտի ըլլայ։ Տեսնենք, թէ ինչպէս պիտի զարգանայ իրավիճակը»,- ըսած է Օվերչուքը։
Ան ընդգծած է, որ «արդէն անցեալ տարի ռուսական կողմը նկատած է, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու շուրջ քննարկումներու ազդեցութեան տակ ռուսական գործարարութիւնը աւելի զգուշաւոր դարձած է Հայաստանի հետ տնտեսական կապերու հետագայ պահպանման եւ զարգացման հարցով»:
«Մենք տեսանք, որ շարք մը ոլորտներու մէջ գործարարական գործունէութիւնը սկսեր է դադրիլ», -ըսած է Ռուսիոյ փոխվարչապետը:
Աւելի վաղ ՀՀ կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած էր Եւրոպական Միութեան անդամակցելու գործընթացի մեկնարկի մասին որոշման նախագիծին, որ այժմ պիտի քննարկուի խորհրդարանի կողմէ. վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը նշած էր, որ սա «բառի ուղիղ իմաստով չի նշանակեր Հայաստանի անդամակցութիւն Եւրոմիութեան, քանի որ այս հարցի վերաբերեալ որոշումը կրնայ կայացուիլ միայն հանրաքուէի միջոցով»։