Դափնիի օճառի արտադրութիւնը ապրուստի աղբիւր է Քեսապ հայկական աւանի բազմաթիւ բնակիչներու համար, որոնք գերազանցօրէն զարգացուցած են այդ արդիւնաբերութիւնը, մինչեւ որ դարձաւ սերունդներուն ժառանգուած աւանդական արհեստ, իսկ անոր համբաւը աւելնալով այդ դարձած է արտահանուող արտադրութիւններէն մէկը, որ պահանջուած է Ասիոյ եւ Եւրոպայի բազմաթիւ երկիրներու կողմէ, որոնք հետաքրքրուած են բնական արտադրանքով ՝ առանց քիմիական կամ արհեստական միջամտութեան:
Սթիվ Աբէլեան, Քեսապի մէջ օճառի արտադրութեան հնագոյն գործարաններէն մէկուն տէրը, խօսելով դափնիի ծառին կարեւորութեան մասին՝ ըսած է. «Դափնին կարեւոր առանցք կը կազմէ Սուրիոյ գիւղական տնտեսութեան եւ զարգացման մէջ, քանի որ ծառին բոլոր մասերը կը մասնակցին մարդկային օգտագործման համար, իսկ դափնիին բոյսը տնտեսական նշանակութիւն ունի իր ֆինանսական եկամուտներուն եւ համաշխարհային մեծ համբաւին համար: Օրինակ Ճափոնը սկսած է դափնին օգտագործել մեզմէ աւելի շատ, քանի որ թողեցինք մեր ձեռքերուն մէջ եւ ձեռքերով պատրաստուածը եւ ուղղուեցանք քիմիականօրէն պատրաստուած նիւթերու ետեւէն: Սուրիացի-եւրոպացի գործարար մը, իմ գործարանիս արտադրանքը տեսնելով ըսաւ, որ մենք Սուրիոյ մէջ պէտք է հոգ տանինք մեզի ժառանգուած աւանդական արդիւնաբերութեամբ, որոնք միջազգային մեծ արժէք կը կրեն, ինչպիսիք են կաշուեղէնը եւ դափնիի օճառը: Վերջերս եւրոպացիները նախաձեռնած են Սուրիոյ մէջ այս արտադրութիւնները ամրապնդելու:
Թէ ինչպէս ճափոնցիները ծանօթացած են Քեսապի օճառին, Աբէլեան կ'ըսէ. «Ճափոնցի զբօսաշրջիկներ այս շրջանը այցելած էին եւ այդ ընթացքին գաղափար առին մեր արտադրանքներուն մասին եւ անոնցմէ իրենց հետ տարին իրենց երկիրը: Կարճ ժամանակ ետք ճափոնցի վաճառականները վերադարձան մեծ քանակութեամբ պատուիրելու մեր արտադրութիւններէն, որոնք կը պատրաստուին «պաղ» մեթոտով, ի տարբերութիւն Հալէպի հանրայայտ դափնիին: Ի հարկէ, մենք կանգ չառինք միայն Ճափոնին հետ, մեր արտադրութիւնը այսօր հասած է մինչեւ Եւրոպա եւ Ամերիկա եւ արաբական բազմաթիւ երկիրներ»:
Աբէլեան կը շարունակէ. «Ճափոնցի երիտասարդ աղջիկ մը մեզի պատմեց, որ Ճափոն վերադաձին, երբ իր ընկերուհիները իմացած են, որ ինք Սուրիա կը գտնուէր, ըսած են՝ մօտեցիր հոտդ շնչենք, որովհետեւ իսկական դափնիի բոյրն է, դուն դափնիի երկրէն եկած ես»:
Գործարանի աշխատաւորներէն մէկը արտադրութեան ձեւին մասին խօսելով կ'ըսէ. «Մենք կը պատրաստենք այն խառնուրդը, որմէ բաղկացած պիտի ըլլայ օճառը, որ կ'ընդգրկէ բոլոր պէտք եղած ձէթերը, այնուհետեւ զանոնք կը դնենք խառնող սարքին մէջ, մասնագիտութեան գաղտնիքը համարուող յատուկ չափանիշներու եւ քանակներու համաձայն: Ապա խառնուրդին կ'աւելցնենք «քոսթիք» նիւթը, որ պատասխանատու է օճառի սապոնացման համար: Խառնուրդը ամրանալէն յետոյ մենք կպչուն հեղուկը կը լեցնենք փայտէ կաղապարներու մէջ եւ կը թողնենք մինչեւ չորնայ: Այս գործընթացը կը շարունակուի տասը օր, որմէ հետո կաղապարները կը կոտրուին ՝ օճառի վերջնական տեսքը ստանալու համար: Այնուհետեւ օճառը կը տանինք չորացման վերջնական գործընթացի, որ կը տեւէ 1-էն 3 ամսուան միջեւ, կախեալ է եղանակէն եւ ցրտութենէն, ապա տեղի կ'ունենայ փաթեթաւորման վերջնական գործընթացը: Քեսապի օճառը պատրաստելու «պաղ» մեթոտը անոր կու տայ քանի մը առաւելութիւն, մանաւանդ որ անոր արտադրութեան մէջ օգտագործուող ձէթերը կը պահպանեն իրենց բնական եւ բուժիչ յատկութիւնները: Երբ ձէթերը կ'եռան, ինչ որ օճառի պատրաստման հին մեթոտն է, անոնք կը կորսցնեն իրենց յատկութիւններն ու արժէքը եւ այդպիսով կ'ազդեն արտադրանքի արժէքին վրայ»:
Դափնիի բոյսին օգուտներուն մասին խօսելով՝ Աբէլեան կ'ըսէ. «Դափնիի ծառը, ընդհանուր առմամբ, դափնիի ընտանիքին պատկանող մշտադալար ծառ է, որ կը բազմանայ միայնակ եւ առատօրէն կը տարածուի ափամերձ լեռներուն մէջ: Անոր տերեւները ունին բազմաթիւ բուժիչ եւ բժշկական առաւելութիւններ: Դափնին կը պարունակէ 25% անուշահոտ ձէթեր, ինչպէս նաեւ եթերաիւղ: Մենք կրնանք օգտուիլ դափնիի բոյսին բոլոր բաժիններէն. կեղեւը միջատասպան է եւ կ'օգտագործուի հագուստի լաթեր պահեստաւորելու, իսկ տերեւները կարեւորագոյն անուշաբոյր համեմունքներէն են, յատկապէս մսեղէններ պատրաստելու: Անոր պտուղներէն կ'արդիւնահանուին դափնիի ձէթը, որ ունի հաճելի հոտ, որ կազմուած է անուշաբոյր նիւթերէ, որոնք կ'օգտագործուին օճառի արտադրութեան եւ արաբական բժշկութեան մէջ: Ինչ կը վերաբերի ճիւղերուն, անոնք բարութեան խորհրդանիշ են եւ կ'աճեցուին գիւղական տան մէջ: Իսկ դափնիի հատիկը բնական բուսաբանական գանձ է, որ կ'օգտագործուի արաբական բժշկութեան դեղերու եւ դեղամիջոցներու մեծ մասին պատրաստութեան համար»:
Հարկ է նշել, որ Աբելեանի գործարանը կը համարուի Քեսապի օճառի ամենահին գործարաններէն մէկը, որ սկսած է աշխատիլ 1942 թուականին, իր կնկան մեծ հօր եւ հօր կողմէ:
Նիւթը՝ eSyria կայքէն
«Արեւելք»ի համար թարգմանեց՝ Լ. Տ.