Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրութեան 200-րդ տարեդարձի առթիւ տեղի ունեցած են բազմաբնոյթ միջոցառումներ եւ ձեռնարկներ։
Այս տարուան «Խաւիծի օր»ն ալ ձօնուած է 200-րդ տարեդարձին, եւ հիւրընկալած է արտասահմանէն յատուկ ա՛յս նպատակով ժամանած նախկին մխիթարեանցիները։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանը հիմնադրութեան 200րդ տարեդարձի բերկրանքի օրերը կ'ապրի բազմաբնոյթ միջոցառումներով ու ձեռնարկներով։ Բոլոր նախաձեռնութիւններու ազդերուն վրայ փառաւորապէս բազմած է «կը նուիրուի վարժարանի հիմնադրութեան 200ամեակին» նախադասութիւնը, որպէս պատգամ, որպէս պատմութեան փաստ՝ նորահաս եւ ապագայ սերունդներուն։
Այս տարուայ «Խաւիծի օր»ն ալ սովորականներու շարքէն չէ, ձօնուած է 200րդ տարեդարձին, կը սարքուի տարբեր շուքով, սովորականէն տարբեր թուականի մը, բացառիկութիւնը հաստատելու համար։
Երէկ, 20 Մայիսի կէսօրուայ ժամերուն խմբագրատանս մէջ սիրով ընդունեցինք այցելութիւնը վարժարանի Մատակարար մարմնի Ատենապետ Ռաֆայէլ-Ժոզէֆ Ալիքի եւ 200ամեակի հանդիսութիւններու կարգադիր յանձնախումբի Ատենապետ Արսէն Գովանի, որոնք եկած էին մեզ հրաւիրելու «Խաւիծի օր»ուայ հանդիսութիւններուն։ Զրոյցը տեղի ունեցաւ մեր Հրատարակութեան տնօրէն Արի Հատտէճեանի հետ, որպէս օրուայ գլխաւոր նիւթ ունենալով 25 Մայիս Կիրակիի հանդիսութիւնները, նաեւ յառաջիկայ ամիսներու բազմաբնոյթ ձեռնարկները, որոնք բոլորն ալ ձօնուած են յոբելենական տարուան։
Մտերմիկ զրոյցի ընթացքին մեր հիւրերը յայտնեցին որ այս տարի տարբեր ձեւաչափ մը ընտրած են. յետմիջօրէի ժամը 17.00ին Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի, ապա բոլոր հիւրերն ու հրաւիրեալները, յոբելեար դասարաններու ներկայացուցիչները պիտի մէկտեղուին մեծ պարտէզին մէջ, պիտի պատուուին հիւրասիրութեամբ մը։
Նոյն օրը, այցելուները առիթը պիտի ունենան վայելելու յիշարժան ցուցադրութիւն մը. կազմակերպիչ յանձնախումբը պատմութեան քառուղիներու մէջ պտոյտի կը հրաւիրէ այցելուները, զանոնք ժամադրելով Մխիթարեան լիսէի արխիւէն եւ Աւետիս Այտընեանի (Աւետ Քելլէճի) հաւաքածոյէն ընտրուած լուսանկարներու, առարկաներու, փաստաթուղթերու եւ գիրքերու հետ։
Օրը իր սիրուած երգերով պիտի գեղեցկացնէ Մխիթարեան վարժարանի սան, հանրայայտ երգիչ Մարթէն Եորկանց։
Ամբողջ տարուայ համար ձեռնարկներու երկար շարք մը պատրաստած են Կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամները, ուստի զրոյցը շարունակուեցաւ ընդգրկելով նաեւ այդ ծրագիրները։ Այսպէս, Սեպտեմբերին, Սագըզաղաճըի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պաշտօնապէս բացումը պիտի կատարուի ճարտարապետական գլուխ գործոց եկեղեցիներու մանրակերտներու ցուցահանդէսին։ Մեր ընթերցողները, նաեւ համայնքի մէջ բազմաթիւ անձեր կը յիշեն Մխիթարեանի շրջանաւարտներէն Տիրան Ինճիճին, մանրակերտեր պատրաստող անմոռանալի վարպետը, որու երկարամեայ աշխատութեանց արգասիքէն բոյլ մը,- 23 մանակերտներէ բաղկացեալ,- իր մնայուն տեղը պիտի ունենայ վերոյիշեալ եկեղեցւոյ ընդունելութիւններու սրահին մէջ։ Պաշտօնական բացման համար արտասահմանէն քաղաքս պիտի ժամանէ Տիրան Ինճիճիի որդին։
Ուրախալի է որ այս տարուայ «Խաւիծի օր»ը պիտի հիւրընկալեն արտասահմանէն յատուկ ա՛յս նպատակով ժամանելիք նախկին մխիթարեանցիները, սաներ, որոնք թէկուզ հեռուէն, բայց միշտ «Մխիթարեանցի» մնացին իրենց ամբողջ էութեամբ։
Զրոյցը շարունակուեցաւ համայնքային կեանքի շուրջ։ Անդրադարձ եղաւ ուսման համար արտասահման մեկնող երիտասարդներուն, ձուլման վտանգին, այստե՛ղ, հայ ժողովուրդի մշակութային ոստանի մէջ իրենց ինքնութիւնը պահել ջանացող պոլսահայ համայնքին։
Կազմակերպիչները մեծաթիւ մասնակցութիւն կ'ակնկալեն, շուրջ 500 հոգի պիտի համախմբէ «Խաւիծի օր»ը, դառնալով նորօրեայ պատմութեան փայլուն էջ մը։
Յաջողութիւն կը մաղթենք։