Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները կը շարունակեն մնալ անհանգիստ։ Այսօր պայթում մը որոտացած է «Ալ Պապ» քաղաքին մէջ, որ կը համարուի Անգարայի հովանաւորութեան տակ եղող հրոսակախումբերու երկրորդ կարեւոր քաղաքը, հօրս ծննդավայր Ճարապլուսէն ետք։
Պայթումը պատահած է «Ալ Թաուհիտ» («Միասնութիւն») մզկիթին մօտ եւ պատճառած է տասնեակ զոհեր։ Քաղաքին մէջ իրավիճակը լարուած է։
Ինչպէս տարբեր առիթներով ալ ըսած եմ, դարձեալ պիտի կրկնեմ, որ Սուրիոյ այդ շրջանները խաղաղ կեանք պիտի չունենան, այնքան ատեն, որ չեն մտած Սուրիոյ պետութեան հովանիին տակ։
Ու միշտ պիտի շեշտեմ ու նշեմ հօրս սիրելի ծննդավայրին՝ Ճարապլուսին անունը, որ արեւոտ օր մը պիտի ազատագրուի թրքական լուծէն։
Տեսանիւթը պայթումի առաջին վայրկեաններուն առնուած է։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ