image

Կազայի Խաղաղութեան խորհուրդը գործարկած է կայքէջ՝ անգլերէնով եւ արաբերէնով

Կազայի Խաղաղութեան խորհուրդը գործարկած է կայքէջ՝ անգլերէնով եւ արաբերէնով

 

Կազայի հատուածին մէջ խաղաղութեան կարգաւորման համար Ամերիկայի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած Խաղաղութեան խորհուրդը գործարկած է իր պաշտօնական կայքէջը՝ boardofpeace.org, անգլերէն եւ արաբերէն տարբերակներով։

Կայքի միջոցով մատուցուած են Խորհուրդի հիմնադիր փաստաթուղթերը, Կազայի կարգաւորման ծրագիրը, ղեկավար մարմիններու եւ կազմի մասին տեղեկութիւններ։ Բացի այդ հարթակը ունի առանձին նորութիւններու բաժին, ուր պիտի հրապարակուին Խորհուրդի գործունէութեան վերաբերեալ տեղեկութիւնները: