image

«Middle East Airlines»-ի հայ օդաչուն ստացած է հրամանատարական Չորրորդ ոսկեգոյն շերտագիծը

«Middle East Airlines»-ի հայ օդաչուն ստացած է հրամանատարական Չորրորդ ոսկեգոյն շերտագիծը

Լիբանանահայ մեր հայրենակից,  «Middle East Airlines»  միջազգային օդանաւային ընկերութեան  օդաչու,  թռիչքային անձնակազմի հրամանատար Յակոբ Նիկոլեանը ստացած է հրամանատարական բարձրագոյն ուսադիրը՝ Չորրորդ ոսկեգոյն շերտագիծը:  

Տասը տարուան օդաչուական փայլուն փորձառութենէն ետք տրուած այս կոչման առթիւ Յակոբ Նիկոլեանը շնորհաւորած են «Middle East Airlines»  ընկերութեան անոր գործընկերները եւ բազմաթիւ հայեր՝ ընկերային ցանցերու վրայ: Հայ օդաչուն շնորհակալութիւն յայտնած է, նշելով, որ իր յաջողութիւններուն համար պարտական է ընտանիքին, գործընկերներուն եւ առհասարակ՝ ընկերներուն, որոնք միշտ հպարտացած են իր առաջխաղացմամբ: 

Աւելի վաղ, «Արեւելք»ին տուած հարցազրոյցին մէջ Յակոբ Նիկոլեանն ըսած էր. «Երբ առաջին անգամ Airbus-ի օդանաւ քշեցի, անհանգստութիւնս ու վախս շատ էին, որովհետեւ կեանքին մէջ առաջին անգամ նման մեծ պատասխանատւութիւն կը ստանձնէի, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, ուրախ էի: Վախ էր՝ ուրախութեամբ լեցուն: Չեմ կարծեր՝ կայ այնպիսի բառ, որ կրնայ ճիշդ նկարագրել երկինքին մէջ սաւառնելու զգացողութիւնները»: 

 


 


 

 

Ամուսնութեան առաջարկութիւն հայուհիին՝ օդանաւի թեւերուն, 2018 թ.