image

Հայաստանին նուիրուած շաբաթ՝ Պելժիոյ մէջ 

Հայաստանին նուիրուած շաբաթ՝ Պելժիոյ մէջ 

Պրիւժ քաղաքին մէջ գտնուող Եւրոպայի գոլէճին մէջ, հայ ուսանողներու նախաձեռնութեամբ եւ Պելճիքայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան աջակցութեամբ տեղի ունեցած է Հայաստանին նուիրուած ազգային շաբթուան բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն յաջորդած է նաեւ հայկական գինիներու համտես։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝

Փետրուար 25-ին, Պրիւժ քաղաքը գտնուող Եւրոպայի գոլէճին մէջ, հայ ուսանողներու նախաձեռնութեամբ եւ Պելճիքայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան աջակցութեամբ տեղի ունեցած է Հայաստանին նուիրուած ազգային շաբթուան բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն յաջորդած է նաեւ հայկական գինիներու համտես։

Արարողութեան ներկայ եղած են Եւրոպայի գոլէճի ուսանողները, ինչպէս նաեւ դասախօսական կազմը։ Ներկայացուած են Հայաստանի մասին գիրքեր, թռուցիկներ, տեղեկատուական գրքոյկներ, «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան մասին տեղեկատուական նիւթեր, ինչպէս նաեւ յուշանուէրներ։

Ազգային շաբաթը եզրափակուած է Հայաստանի մշակոյթին նուիրուած ձեռնարկով, որուն ընթացքին ներկայացուած են հայկական ազգային պարեր՝ Անվերսի հայկական պարային համոյթի կատարողութեամբ։ Ցուցադրուած է նաեւ Հայաստանի մշակոյթի եւ կրօնի մասին պատմող տեսանիւթ մը։

Այցելուները առիթ ունեցած են համտեսելու նաեւ հայկական գաթան եւ մասնակցելու Հայաստանի պատմութեան եւ աշխարհագրութեան մասին հանելուկախաղի (quiz) մը։