Օրերս, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ 2020-ի արցախեան պատերազմի բոլոր նահատակներուն, մուսալեռցի ութ նահատակներուն եւ Գէորգ Հաճեանի նահատակութեան չորրորդ տարելիցին առիթով:
ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է նաեւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ոգեկոչում եւ Գէորգ Հաճեանի նահատակութեան չորրորդ տարելիցի նշում:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պէյրութի «Ազդակ»էն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Կիրակի, 6 հոկտեմբեր 2024-ին Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ 2020-ի արցախեան պատերազմի բոլոր նահատակներուն, մուսալեռցի ութ նահատակներուն եւ Գէորգ Հաճեանի նահատակութեան չորրորդ տարելիցին առիթով:
Անկէ ետք, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ոգեկոչում եւ Գէորգ Հաճեանի նահատակութեան չորրորդ տարելիցի նշում:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Եսթեր Քէշիշեան-Հաւաթեան, որ ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը Արցախի բոլոր նահատակներուն: Իր խօսքին մէջ ան հաստատեց, որ Լիբանանի ներկայի տագնապալի օրերուն առթած մտահոգութիւնները` մեր անհատական ու հաւաքական ազգային կեանքին մէջ, չեն կրնար մեզ թուլցնել ու մղել, որ մեր յարգանքի տուրքը չմատուցենք մեր գիւղի նահատակ Գէորգ Հաճեանին ու 44-օրեայ Արցախի պատերազմի բոլոր նահատակներուն: Ան աւելցուց. «Այսօր իբրեւ մուսալեռցի-այնճարցիներ` եկած ենք խոնարհելու Գէորգ Հաճեանի եւ իրեն հետ, նոյն օրերուն, Արցախի ու արցախահայութեան պաշտպանութեան համար նահատակուած նաեւ մեր 8 մուսալեռցի հրաշալի տղոց յիշատակին առջեւ: Յիշենք զանոնք անուն առ անուն` Յարութիւն Թիլքեան, Արմէն Սահակեան, Գէորգ Բաղդիշեան, Համլեթ Նգրուրեան, Յովհաննէս Ալիշեան, Նուպար Հանեան, Ռուբէն Չաթալեան եւ Սուրէն Գալոյեան»:
Անդրադառնալով Արցախի եւ արցախահայութեան աւելի քան 30 տարիներու եւ ներկայիս դիմագրաւած դառն օրերուն` ան հաւաստիացուց, որ մենք պիտի շարունակենք բարոյական եւ գործնական աջակցութեամբ նեցուկ կանգնիլ արցախահայութեան: Ան եզրափակեց իր խօսքը` ըսելով. «Անոնց արիւնը անիմաստ տեղ չէ թափած, այնքան ատեն որ կը շարունակենք ներշնչուած մնալ անոնց քաջութեամբ ու անսասան կը պահենք պայքարը շարունակելու մեր ուխտը»:
Օրուան բանախօսն էր դոկտ. Թամարա Յովհաննիսեան, որ վեր առաւ Գէորգ Հաճեանի ստեղծագործական արժանիքները երգարուեստի ոլորտին մէջ` ըսելով, որ ան ապրեցաւ քիչ տարիներ, բայց լեցուն` ուսանողական, հոգեւորական եւ յատկապէս ստեղծագործական աշխարհին մէջ: Ապա ան ներկայացուց անոր կենսագրութիւնը եւ Երեւանի մէջ երաժշտական մասնագիտական ուսման ուղին:
Ան ըսաւ, որ Գէորգ Հաճեանը 2005 թուականէն ի վեր հաստատուած էր Հայաստան, սակայն ան պարբերաբար բազմաթիւ ելոյթներ տուած է Հայաստանի, Լիբանանի, Արցախի եւ արտերկրի տարբեր շրջաններու մէջ եւ հրատարակած է երաժշտական խտասալիկներ, իսկ անոր երաժշտական ստեղծագործութեան մասին արդէն գրուած են 58 յօդուածներ:
Դոկտ. Թամարա Յովհաննիսեան անդրադարձաւ նաեւ անոր արուեստի իւրայատկութեան, յատկապէս` Կոմիտասի երգերու մեկնաբանութեան մէջ, եւ հաստատեց, որ Գէորգ Հաճեան կը պատկանի դասակարգին այն հազուագիւտ երգիչներուն, որոնք իրենց շարժուձեւով, կեցուածքով, հայեացքով եւ ձայնով այնպէս կ՛երգեն, որ հանդիսատեսին կը թուի, թէ իրենք են այդ պահը ստեղծողը` թէ՛ բառերով եւ թէ՛ մեղեդիով: Ապա ներկայացուց Գէորգ Հաճեանին եւ անոր տուած ելոյթներուն կապուած տպաւորիչ յիշատակներ:
Բանախօսը իր խօսքը ուղղելով նահատակ Գէորգ Հաճեանին` ազգի պայքարը բնութագրեց եւ ըսաւ, որ անիկա չի դրսեւորուիր միայն պատերազմով, այլ այդ պայքարի կարեւոր բաղադրիչներէն մէկը ազգային մշակոյթն ու արուեստը պահպանելն է, «Արժանիք մը, որ հիանալի կերպով ունէր Գէորգը եւ զայն կը զարգացնէր ու կը տարածէր, սակայն իր ազգային էութեամբ որոշեց այդ զէնքը փոխել հրացանով»:
Ապա տեսերիզի միջոցով ներկայացուեցաւ Գէորգ Հաճեանի կատարողութեամբ կոմիտասեան եւ ազգային երգերու փունջ մը: Ցուցադրուեցան արցախեան 44-օրեայ պատերազմի մուսալեռցի մնացեալ 8 նահատակներուն նկարները:
Իր Խօսքի աւարտին Թ. Յովհանիսեան հաստատեց, որ Այնճար ծնած եւ մուսալեռցի արմատներով Գէորգ Հաճեան յաջողեցաւ Մուսա Լեռ – Այնճար -Հայաստան – Արցախ իւրայատուկ կամար մը ստեղծել, եւ Գէորգը անուանեց «Համահայկական ժողովրդական արուեստագէտ»:
Աւարտին մուսալեռցի 9 նահատակներու ծնողներուն անունով Գաբրիէլ Փանոսեան սրտի խօսք մը արտասանեց եւ անոնց երախտագիտութիւնը յայտնեց այս նախաձեռնութեան համար:
Ձեռնարկը փակուեցաւ նահատակներու յիշատակին «Դաժան կռուում դուք ընկաք» երգով:
Լուրը՝ «Ազդակ»էն