image

Թրքական անօդաչուները կ՚արտադրուին Ղազախստանի մէջ

Թրքական անօդաչուները կ՚արտադրուին Ղազախստանի մէջ

Ղազախստանի պաշտպանութեան նախարար Ռուսլան Ժաքսիլիքով այցելած է Իսթանպուլ, ուր բանակցած Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլերի,  Պաշտպանական արդիւնաբերութեան տնօրինութեան նախագահ Հալուք Կերկիւնի եւ Baykar ընկերութեան գործադիր տնօրէն Հալուք Պայրաքթարի հետ:

Կողմերը պայմանաւորուած են մշակել ճանապարհային քարտէզ՝ Ղազախստանի տարածքի մէջ մարտավարական անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութիւնը տեղայնացնելու հարցի շուրջ։

Ըստ TRT-ին՝ TUSAŞ-էն ANKA հարուածային անօդաչու թռչող սարքերը նոյնպէս կ'արտադրուին Ղազախստանի մէջ։ Ասիկա կը բխի TUSAŞ-ի եւ Kazakhstan Engineering-ի միջեւ ռազմական սարքերու համագործակցութեան յուշագիրէն։