image

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (46)

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (46)

«Ազդակ» հայերէն կը գրէ

«Ազդակ», 11/10/2025

*** Լիբանանի եւ Սուրիոյ պետութեան    միջեւ յարաբերութիւնները...(էջ1):

---Լիբանանի եւ Սուրիոյ պետութեանց   միջեւ յարաբերութիւնները...

 

***Ոմանք իմ իրագործածէս շատ քիչ բան  իրագործեցին (էջ 1):

---Ոմանք ինձմէ նուազ իրագործեցին:

 

***Նախագահական  ու վարչապետի  իշխանութեան երթը արգելակելու ... (էջ2):

---Նախագահական ու վարչապետական  իշխանութեանց  երթը արգելակե-

լու:

 

***Թող քննարկեն իրենց եւ այլ   առաջարկները (էջ 2):

---Թող քննարկեն իրենց եւ այլոց   առաջարկները:

 

***Այլ  համայնք բացի Լիբանանը (էջ 2):

---Այլ համայնք բացի Լիբանանէն:

 

«Ազդակ», 13/10/2025

***Ճէյ. Տի. Վենա  յայտարարեց, որ չի պատրաստուիր Կազա կամ Իսրայէլ զօրքեր ուղարկելու (էջ 1):

Սխալ է ըսել  զօրքեր, կը բաւէ ըսել զօրք:

---Ճէյ. տի. Վենա  յայտարարեց, որ չի պատրաստուիր ...զօրք ուղարկելու:

Զօրք  ըստ պատշաճութեան  կը նշանակէ թէ՛   զօրք,  թէ՛  զօրքեր:

Ճիշդ ինչպէս ձմերուկ կը նշանակէ երկուքն ալ:

--Թորոսը ձմերուկ կ’ուտէ: ( մէկ հատ)

--Մարկոսը ձմերուկ կը ծախէ: (մէկէ աւելի)

 

***Իսրայէլեան յարձակումը ոչինչ պիտի փոխէ մեր ժողովուրդի համոզում-ներէն, որոնք իրենց կեանքերով  կը վճարեն արեան գինը (էջ 2):

Ժողովուրդ գոյականը հաւաքական է. այսինքն՝ իմաստով յոգնակի, սակայն քերականօրէն եզակի կը մնայ:

Ուստի՝ 

---Իսրայէլեան յարձակումը ոչինչ պիտի փոխէ մեր ժողովուրդի համոզում-ներէն, որ իր կեանքով կը վճարէ արեան գինը:

Նախընտրաբար՝ 

---Իսրայէլեան յարձակումը ոչինչ պիտի փոխէ  համոզումներէն մեր ժողովուրդին, որ իր կեանքով կը վճարէ արեան գինը:

***Լիբանանի նախարարը  խստագոյն կերպով դատապարտեց յարձակում-ները (էջ 2):

Լիբանան պոչաւոր նախարար չունի, որքան գիտենք...

Ուրեմն՝ 

---Լիբանանի նախարարը խստօրէն   դատապարտեց յարձակումները:

---Լիբանանի նախարարը խստագոյնս  դատապարտեց յարձակումները:

 

***Նախագահ Թրամփին ... ռուսական յարձակումներուն մասին տեղեակ պահեցի (էջ 8):

  ---Նախագահ Թրամփը  ... տեղեակ պահեցի ռուսական յարձակումներուն:

***Լիբանան յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին ականատես պիտի դառնայ այցելութ իւններեան արաբ եւ օտար պատուիրակներու կողմէ (8):

---Լիբանան յառաջիկայ շաբաթներուն ականատես պիտի դառնայ արաբ եւ օտար պատուիրակներու այցելութեան:

 

***Լիբանանեան ճակատի վրայ հանդարտութեան տապալումը տեղական մակարդակի վրայ  պիտի չմնայ (էջ 8):

---Լիբանանեան ճակատի հանդարտութեան տապալումը տեղական մակարդակի վրայ  պիտի չմնայ:

 

***Բոլորը կը գիտակցին ներկայ փուլի նրբութիւնն ու ...անհրաժեշտութիւնը (էջ 8): 

Գիտակցիլ չէզոք բայ է. տրական  հոլով խնդիր կը պահանջէ:

---Բոլորը կը գիտակցին ներկայ փուլի նրբութեան եւ անհրաժեղտութեան:

 

***Մենք քննարկեցինք օդային պաշտպանութիւնը ամրապնդելու կարելիու-

թիւնները եւ այն համաձայնագ ի րն երը, որոնց մենք կը պատրաստուինք ատոր համար (էջ 8):

---Մենք քննարկեցինք օդային պաշտպանութիւնը ամրապնդելու կարելիու-թիւնները եւ այն համաձայնագրերը, որոնց  կը պատրաստուինք:

 

***Թիրախաւորուած է թէ՛ քրիստոնեան, թէ՛ իսլամը, եւ անոնց արիւնը իրարու միախառնուեցաւ (էջ 2):

Այսպիսի համադասութիւն չի կրնար ըլլալ. այլ խօսքով՝ կեղծ ու բռնազբօսիկ համադասութիւն է տեղի ունեցածը  եւ շաղկապի չարաշահութիւն: 

Այստեղ առկայ են  ստորադասական բարդ նախադասութեան մը տուեալ-ները՝ հետեւեալ կաղապարով.

---Թիրախաւորուած է թէ՛ քրիստոնեան, թէ՛ իսլամը, որոնց  արիւնը իրարու միախառնուեցաւ:

Նախընտրաբար՝ 

---Թիրախաւորուած են  թէ՛ քրիստոնեան, թէ՛ իսլամը, որոնց  արիւնները միախառնուեցան  իրարու:

Մրցոյթ 45.

***Դուն ինչպէ՞ս  կը գրէիր հետեւեալ նախադասութիւնը.

---Թերթի այդ թիւին մէջ ընդգծելի է գրող տիկին Սիմոնեանի մէկ ծրագիրին բացայայտումը :

***Դարմանէ՛ հետեւեալին  անհամասեռութիւնը.

---Նախագիծը կը վերաբերի... յանցագործութիւններու հերքումին, արդարա-ցումին կամ անոնց վտանգի նսեմացումին:

***Կէտերը փոխարինել հետեւեալներէն մէկով՝ առողջական, առողջարար, առողջապահական :

---Թարմ բանջարեղէնը   առողջարար յատկութիւններ ունի: 

***Փորձէ  հայեցի շարադասել հետեւեալը՝ առանց որեւէ բառ փոփոխելու.

---Թրամփի ծրագիրի որեւէ բարեփոխում կը նշանակէ  մերժել զայն

***Երկու բառով ըսէ ընդգծուած հատուածը:

---Տեղացած է երկու ամսուան  համարժէք անձրեւ՝ խուճապահարելով  բնակչութիւնը («Արարատ», 2/10/2025, էջ 1):

 

Ճիշդ պատասխանած են՝ Միրնա Սիւլիւքճեան (3), Գէորգ Եազըճեան (9), Գեամ Խաչատրեան (6), Համբարձում Յարթունեան (7), Ցոլակ Ապտալեան (7), Պերճ Տէր Սահակեան (7), Եփրեմ Թոքճեան (8):

 

Մրցոյթ 46.

***Կէտադրական ի՞նչ նշան կը դնես  փակագիծի հարցման նշանին տեղ:

---Հայրը, մայրը, երիտասարդը, քոյրը (?) բոլորը դարձան  կամաւոր: 

***Հետեւեալ հինգ յոգնակիներէն ո՞ր մէկը կարելի է եզակի դարձնել.

---Քնննարկուեցան ֆինանսական բարեփոխումները եւ դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներ ունեցողներուն  իրաւունքները («Ազդակ», 3/10/2025, էջ):

***Կէտերուն տեղ ի՞նչ կը դնես՝ Է  թէ՞  են :

---Նշեալ խորագրին տակ յօրինուած յերիւրանքները` թուրքերու կողմէ պատմութիւնը խեղաթիւրելու փորձ մըն .......... («Հայրենիք», 6/10/2025):

***Սրբագրել քերականական սխալը.

---Նախագահը թելադրած է լիբանանցիները խնայել ամէնամեայ առաջին անձրեւին  ողողումներէն («Արարատ», 7/10/2025, էջ 1):

***Դուն ինչպէ՞ս կը հայացնես հետեւեալը՝ առանց որեւէ բառ փոխելու.  

---Իսրայէլեան անօդաչու սարք մը երէկ կէսօրին Նապաթիէի նահանգի ճամբուն վրայ  ինքնաշարժ մը հարուածեց («Ազդակ», 7/10/2025, էջ 2):


Արմենակ Եղիայեան  
armenag@gmail.com