image
Հրատապ լուրեր:

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (49)

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (49)
  1. Անծերի

Կը կոչուի նաեւ կապտածաղիկ :

Այս ծաղիկին ակնարկած են մի՛միայն Ակադեմիայի քառահատոր բացատ-րական բառարանն ու Աշոտ Սուքիասեանի հոմանիշներու բառարանը:

Լատիներէն գիտական անունն է՝ Ageratum houstonianum.

Ֆրանսերէն՝ agerate, անգլերէն՝ bluemink:


IMG_256

Եղանակային՝ մայիսէն մինչեւ նոյեմբեր ապրող  բոյս  մըն է,  որուն հայրենիքը եղած է Մեքսիկան՝ անկէ տարածուելու համար մասնաւորաբար բարեխառն այլ գօտիներ եւս: Կ’աճի յատկապէս  մարգագետիններու, ինչպէս նաեւ անտառային խոնաւ բացատներու վրայ:

Հայաստան մուտք գործած է 1930-ականներէն սկսեալ, մասնաւորաբար Արարատ-եան դաշտի  տարածքին, ուր անոր սերմերը կը ցանեն նախ ջերմոցներու մէջ, ապա նորահաս ցօղունները  մայիսի կէսերէն սկսեալ կը փոխադրեն ազատ բնութիւն:

Օժտուած է գեղազարդիչ (décoratif) բարձր վարկանիշով:

Ունի բազմաթիւ տեսակներ, ուր կ’իշխէ կապոյտը, սակայն նուազ տարածուած չեն 

ծիրանագոյն,  վարդագոյն ու ճերմակ տաբերակները  եւս: 

  1. Հետեւեալը կը քաղեմ ընթացիկ յօդուած է մը.

***«Իրաւունք բառը գոյութիւն չունի:

Իրաւունքը զօրաւորին է» («Ազդակ», 11/8/2025, էջ 8):

Հարցում՝ 

Քանի՞ արեւմտահայ կրնայ յաւակնիլ, թէ ինք կ’անդրադառնայ, թէ այս պարզա-գոյն կառոյցին մէջ, որ կրնար արտասանուիլ մեզմէ որեւէ մէկուն կողմէ, կը  գտնուին լեզուական/տրամաբանական երկու սխալներ:

                                                                               *   *   *

Առաջինը՝

Համաձա՞յն էք, որ  իրաւունք բառը գոյութւն չունի:

Բացէ՛ք Նայիրի-ի 150 բառարանները, պիտի նկատէք, որ բոլորին մէջ ալ կը գտնուի ան, եւ  միշտ գտնուած է հայերէնի, այլեւ... աշխարհի բոլոր լեզուներուն մէջ:

Սակայն հեղինակը իրապէս բա՞ռը ի մտի ունէր, թէ՞ իրաւունք հասկացութիւնը, կամ պարզապէս... իրաւունքը, արդարութիւնը:

Որ, այո, ընդհանրապէս կը բացակայի:

Մարդիկ միշտ չէ որ իրաւունք կը գտնեն, իրաւունքը կը ստանան:

Անիրաւութեան պարագաները շատ աւելի են մեր կեանքին մէջ, քան արդար 

իրաւունքի, արդար հատուցումի պարագաները:

-Իսկ յաջորդ սխալ՞լը,- անհամբեր պիտի հարց  տաք: 

Այդ յաջորդ սխալի պարագան քիչ մը աւելի բարդ է, եւ արդէն զայն նկատի ունենալով է, որ սկսայ այս շարադրութեան, ուր շատ աւելի բան կայ ըսելիք:

                                                                           *   *   *

Երկրորդը՝

***Իրաւունքը զօրաւորին է:

Զօրաւորին-ը      սեռական  հոլովն է զօրաւոր  ուղղականին, որուն ետեւը  պարզա-պէս  աւելցած է «ն» որոշիչ  յօդը:

Արդ, մի՞թէ սեռականը  գոհացուցիչ է:

Ոչ, գոհացուցիչ չէ: Ուրիշ հոլով պէտք է այստեղ:

Այդ ուրիշ հոլովին անդրադառնալու համար՝ փոխարինենք զօրաւորին սեռականը  անձնական դերանունի սեռականով, տեսնենք ի՛նչ կը ստացուի.

Իրաւունքըը իմ է

Իրաւունքը քու է

Իրաւունքը իր է

Հայերէ՞ն է այս, դուք այսպէ՞ս հայերէն կը խօսիք:

Վստահաբար ո՛չ:

Բոլոր հայերը, նոյնիսկ «Ազդակ»-ի քաղաքական էջը, կ’ըսեն՝ 

Իրաւունքը իմս է:

Իրաւունքը քուկդ է:

Իրաւունքը իրն է:

Այլ խօսքով՝ անձնական դերանունի սեռականին վրայ կ’աւելցնենք ստացական համապատասխան  յօդերը՝  ս, դ, ն:

Իրաւունքը զօրաւորին է կառոյցին մէջ զօրաւորին սեռականը  դիմորոշ յօդ չունի. անոր ետեւը գտնուողը որոշիչ յօդ է, որ չի բաւեր, պէտք է աւելնայ դիմորոշն  ալ, այլ խօսքով՝ 

զօրաւորին+ն=զօրաւորինն:

Եւ մեր նախադասութիւնը հնչէ՝

Իրաւունքը զօրաւորինն է:

  1. Զե՞րծ,  թէ՞ զուրկ

Երեւութապէս  շատ սովորական երկու ածականներ են ասոնք, որոնք, սակայն, սխալ գործածութեան ամենամեծ յաճախականութիւնը ներկայացնող զոյգերէն մէկն  են:

Վկայ՝

«Ազդակ»-ի քաղաքական էջի հետեւեալ կիրարկութիւնը.

«Միացեալ Նահանգները յանձնառու են իր բազմազանութիւնը յարգող, Իրանի, Հըզպալլայի եւ անոր կայունութիւնը ականահարել փորձողներու ազդեցութենէն զուրկ լիբանանեան հզօր պետութեան մը գոյութեան երաշխաւորման» («Ազդակ», 26/9/2025, էջ 1):

--Զուրկ-ը ցոյց կու տայ առաւելութեան մը բացակայութիւնը. օրինակ՝

***Թորոսը զուրկ է ամէն շնորհքէ, այսինքն՝ որեւէ շնորհք  չունի:

--Զերծ-ը  ցոյց կու տայ թերութեան մը բացակայութիւնը. օրինակ՝

***Մարկոսը զերծ է ամէն թերութենէ, այսինքն՝ որեւէ թերութիւն չունի:

 

    Մրցոյթ 48.   

***Ինչպէ՞ս ըսել հետեւեալը արեւմտահայ լեզուամտածողութեամբ.

---Ո՛չ Ռուսիան, ո՛չ ալ Ուքրանիան պատրաստ են խաղաղութեան համա-ձայնագիր ստորագրելուն («Ազդակ», 18/10/2025, էջ 1):                             

***Հետեւեալներուն մէջ մէկական  բառ տեղափոխութեան կը կարօտի.

---Կալանաւորոուեցաւ Գիւմրիի՝ կաշառք ստանալու համար մեղադրուող  Գիւմրիի  քաղաքապետը («Ազդակ», 22/10/2025, էջ 1): 

---Ընտանիքները պահանջած են իմանալ իրենց զաւակներուն ճակատա-գիրը եւ ճշդել անոնց կալանաւորման վայրը ճշդել («Ազդակ», 22/10/2025, էջ 2):       

***Կայ սխալ կիրարկուած բառ մը, որ պէտք է փոխարինուի ուրիշով:

---Յուշագիրը ներկայացուց գերիներուն ենթարկուած կրած  ֆիզիքական չարչարանքները («Ազդակ», 22/10/2025, էջ 2):   

***Քու ճաշակովդ գրէ հետեւեալը.

---Իսրայէլացի թշնամիէն եկող որեւէ մարտահրաւէր ուղղուած է բոլոր լիբանանցիներուն ուղղուած մարտահրաւէր  է («Ազդակ», 14/8/2025, էջ 8):

 

Ճիշդ պատասխանած են՝ Համբարձում Յարթունեան (6), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (7), Միրնա Սիւլիւքճեան (9), Ցոլակ Ապտալեան (5), Գեղամ Խաչատրեան (7), Պերճ Տէր Սահակեան (10), Եփրեմ Թոքճեան (8), Լիզա Յովհաննէսեան (5) :

Մրցոյթ 49.

***Ո՞ր ձայնաւորին վրայ կը դնես շեշտը.

--- բո-լո-րո-վին:

***Հետեւեալին ո՞ր բառին առջեւը կը դնես նաեւ շաղկապը.

---Յարգելի՛ պատուիրակներ,  մենք կոչ կ’ուղղենք ուշադրութիւն դարձնե-լու Հայաստանի ներքին զարգացումներուն («Ազդակ», 30/10/2025, էջ 8):

***Կրնա՞ս հետեւեալը արտայայտել՝ պահելով միայն  մէ՛կ մէջ:

---Թրամփ Ճափոնի մէջ Միացեալ Նահանգներու ռազմակայանին մէջ արտասանած խօսքին մէջ յիշատակած էր Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումը («Ազդակ», 30/10/2025, էջ 1):

***Մէ՛կ բառով ըսէ հետեւեալին ընդգծուած հատուածը.

---Անոնց բանակցութիւններու առաջին փուլը աւարտած էր առանց արդիւնքի ձեռքբերման («Ազդակ», 31/10/2025, էջ 8):

***Փորձէ սրբագրել հետեւեալ թերի կառոյցը.

---Հըզպալլան վերստին հրթիռներ, հակահրասայլային հրթիռներ եւ հրրետանիի ռումբեր կը պահեստաւորէ («Ազդակ», 1/11/2025, էջ 2): 

 



Արմենակ Եղիայեան 
armenag@gmail.com