image

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (50)

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (50)

  Արգելափակել

Այս փոձանքը մեր գլուխը փաթթողը արեւելահայերը եղան՝ իրենց սխալ ու ապիկար կիրարկութեամբ:

Ստորեւ սփիւռքահայ կիրարկութիւն մը.

***Ամերիկացի գոնկրէսական Պրէտ Թըրման ...պահանջեց  արգելափակել ամերիկեան աջակցութիւնը Անքարային եւ Պաքուին, նկատի առնելով Հայաստանի շրջափակումը եւ Պաքուի մեր արգելափակուած  հայ գերիներուն հարցը («Արարատ», 18/9/2025, էջ 4): 

Այս երկու կիրարկութիւններէն երկրորդը ճիշդ է, քանի արգելափակել կը նշանակէ մէկը բանտարկել  փակ եւ ըստ ամենայնի վատառողջ  միջավայրի  մէջ, ինչ որ պարագան է Պաքուի հայ գերեալներուն:

19-րդ դարուն Պոլսոյ պատրիարքները նման խուցեր ունէին իրենց պատրիարքարանի յարակից տարածութեան մէջ, ուր կ’արգելափակէին հայ խենթերը:  Չէին գոհանար միայն արգելափակելով, այլեւ կը կապէին զանոնք յատուկ սիւներու եւ օրական քանի մը անգամ... կը ծեծէին, որպէսզի «խելքը գլուխնին գար»: Մինչդեռ այդ սիւներէն աւելի ճիշդ կ’ըլլար կապել օրուան խելացի պատրիարքներըը եւ նման բուժում առաջարկող իմաստակ բժիշկները եւ կուշտուկուռ ծեծել  զանոնք:

Այս էր ունեցածնիս:

IMG_256

                                                                               *   *   *

Կոպիտ սխալ է առաջին կիրրակութիւնը՝ արգելափակել աջակցութիւնը: Աջակցութիւնը վերացական հասկացութիւն մըն է, եւ իբր այդպիսին ո՛չ կ’արգելափակուի, ո՛չ կը բանտարկուի, ոչ ալ... կը բռնուի, որ տանիս ծակ մը խոթես զայն:

Աջակութիւնը կը դադրեցուի, կը խնայուի, կը կտրուի, վերջ կը գտնէ...

                                                    *   *   *

Ճիշդ կիրարկութիւն մըն է հետեւեալը.

***Ժամեր շարունակ արգելափակուած  մնացին  ինքնաշարժներուն մէջ:

Պարզ է՝ ռմբակոծումէ խուսափելու, պաշտպանուելու  համար:                                                            

  1. Սփիւռքահայ մամուլ

«Մարմարա» (14/3/2025)

***Նախարարները միասնաբար կտրեցին ժապաւէնը եւ ելոյթներ ունեցան:

---Նախարարները միասնաբար կտրեցին ժապաւէնը եւ ելոյթ ունեցան:

***Երկուքն ալ զոհուած էին երթեւեկի արկածի մը:

---Երկուքն ալ զոհ գացած էին երթեւեկի արկածի մը:

---Երկուքն ալ զոհուած էին երթեւեկի արկածով մը:

«Հասկ» (2024, թիւ 11-12)

***Շարք  մը ծրագիրներ կարելի չեղան  իրականացնել (էջ 676):

---Շարք մը ծրագրեր կարելի չեղաւ իրականացնել:

                                                  *   *   *

Շատ յատկանշական է այս սխալը, ուր  ծրագրեր-ը մտածուած կամ ընկալուած է իբրեւ ենթական  նախադասութեան էական բային, որ այստեղ տուած է չեղան՝ յոգնակի. ծրագրերը կարելի չեղան:

Սխալ մտածողութիւն է այս:

Նախադասութեան ենթական իրականացնել անորոշ դերբայն է:

Նախադասութիւնը ունի բաղադրեալ դիմաւոր բայ, որ է՝ կարելի չեղաւ:

Հարցում՝

--Ի՞նչը կարելի չեղաւ:

--Իրականացնել կարելի չեղաւ: 

Իսկ ծրագրեր գոյականը ուղիղ խնդիրն է իրականացնել ենթակայ դերբային.

Հարցում՝

--Իրականացնել ի՞նչ:

--(Շարք մը)  ծրագրեր:

***Տեղի ունեցաւ յուշագիրի ստորագրութիւն  յանձինս Շահան արք. Սարգիսեանի եւ յանձինս Մայա Գրիգորեանի միջեւ (էջ 677):   

---Տեղի ունեցաւ յուշագիրի ստորագրութիւն  Շահան արք. Սարգիսեանի եւ    Մայա Գրիգորեանի միջեւ:            

***Նճէյմ  եպիսկոպոս փոխանցեց պատրիարքին մտահոգութիւնները(էջ 679):

---Նճէյմ եպիսկոպոս պարզեց  պատրիարքին մտահոգութիւնները:

---Նճէյմ եպիսկոպոս ներկայացուց պատրիարքին մտահոգութիւնները:

***Տոքթ.  Տաքէսեան հակիրճ կերպով ներկայացուց... ծրագիրները(անդ):

---Տոքթ. Տաքէսեան  հակիրճ ներկայացուց ծրագրերը:

*** Մայրավանք այցելեց Լիբանանի մօտ  Աւստրալիոյ դեսպանը (անդ):

---Մայրավանք այցելեց Լիբանանի մէջ    Աւստրալիոյ դեսպանը:

 

«Սփիւռք», թիւ 120 

***Իշխանութիւններու  տասնամեակներու վրայ գործած յանցաւոր սխալնե-րու արդիւնքով (Խմբագրական):

---Իշխանութիւններու  տասնամեակներու վրայ գործած յանցաւոր սխալնե-րու հետեւանքով:

Արդիւնքով-ը ռուսաբանութիւն է:

Որուն փոխարէն հայերէնը կ’ըսէ՝ շնորհիւ կամ  հետեւանքով ՝  նայած, թէ արդիւնքը դրակա՞ն է, թէ՞ բացասական է:

***Ինքնութեան հիմնաքարերը հանդիսացող խորհրդանիշներու (անդ):

---Ինքնութեան հիմնաքարերը հանդիսացող խորհրդանիշերու:

***Ինչպէս ցանկացած կրօնական կառոյց, Հայոց Եկեղեցին եւս ունի բազմա-թիւ խնդիրներ (անդ):

---Ինչպէս որեւէ կրօնական կառոյց, Հայոց եկեղեցին եւս ունի բազմաթիւ խնդիրներ: Ցանկացած-ը ռուսաբանութիւն է :

Մրցոյթ 49

***Ո՞ր ձայնաւորին վրայ կը դնես շեշտը.

--- բոլո՛-րովին:

***Հետեւեալին ո՞ր բառին առջեւը կը դնես նաեւ շաղկապը.

---Յարգելի՛ պատուիրակներ,  մենք կոչ կ’ուղղենք ուշադրութիւն դարձնե-լու նա՛եւ Հայաստանի ներքին զարգացումներուն («Ազդակ», 30/10/2025, էջ 8):

***Կրնա՞ս հետեւեալը արտայայտել՝ պահելով միայն  մէ՛կ մէջ:

---Թրամփ Ճափոնի՝ մէջ Միացեալ Նահանգներու ռազմակայանին մէջ արտասանած խօսքով մէջ յիշատակած էր Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումը («Ազդակ», 30/10/2025, էջ 1):

***Մէ՛կ բառով ըսէ հետեւեալին ընդգծուած հատուածը.

---Անոնց բանակցութիւններու առաջին փուլը ապարդիւն աւարտած էր առանց արդիւնքի ձեռքբերման («Ազդակ», 31/10/2025, էջ 8):

***Փորձէ սրբագրել հետեւեալ թերի կառոյցը.

---Հըզպալլան վերստին հրթիռներ, մասնաւորաբար հակահրասայլային, եւ հրրետանիի ռումբեր կը պահեստաւորէ («Ազդակ», 1/11/2025, էջ 2): 

Ճիշդ պատասխանած են՝ Ցոլակ  Ապտալեան (4), Միրնա Սիւլիւքճեան (6), Գեղամ Խաչատրեան (4), Լիզա Յովհաննէսեան (5), Պերճ Տէր Սահակեան (5), Եփրեմ Թոքճեան (5), Համբարձում Յարթունեան (7):

Մրցոյթ 50

***Կրնա՞ս սրբագրել հետեւեալ կառոյցին զանազան թերիները եւ ստանալ գոհացուցիչ  խօսք մը.

---Հօրեղբայրս շատ ժամանակ կու տար մատենագիտական եւ մամուլի ու պատմական արխիւներ պրպտելով եւ հաւաքելով («Ազդակ», 3/11/2025, էջ 5): 

***Դուն ինչպէ՞ս կ’ըսէիր հետեւեալը.

---Հայերը իրենց սեփական հայրենիքին, ներառեալ Արցախի մէջ եկուորներ են (Սարգիս Մահսերեճեան):

***Հայեցի վերաշարադասէ հետեւեալները՝ առանց որեւէ բառ աւելցնելու, պակսեցնելու կամ փոփոխելու.

---Իրան Իրաքի մէջ զինեալ խումբերը պատրաստելով Իսրայէլի հետ ապագայ  դիմակայման կը պատրաստուի («Ազդակ», 5/11/2025, էջ 1):

---Իր ուժը վերականգնելու Հըզպալլայի փորձերը կրնան Իսրայէլը մղել իր  գործողութիւնները ընդլայնելու («Ազդակ», 5/11/2025, էջ 2): 

***Ընդգծուած ութ յոգնակիներէն ո՛ր մէկը կրնաս եզակի դարձնել:

---Պատուիրակութիւնը նաեւ շրջեցաւ դպրոցներուն մէջ` աւելի մօտէն ծանօթանալով անոնց անցուդարձերուն, ինչպէս նաեւ զրոյցներ ունեցաւ ուսուցիչներու եւ պաշտօնեաներու հետ, լսելով անոնց առաջարկներն ու մտահոգութիւնները («Ազդակ», 8/11/2025, էջ 8):


Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com