Բնականաբար նոյն հարթութեան մասին խօսելով ու դիտարկելով իշխանական շրջանակներու արագ արձագանգները, ապա անոնց կողմէ եղած բոլոր մակարդակի արձագանգներուն մէջ երեւելի է հեգնանքի որոշակի մակարդակ մը, որուն «կրակներու տակ» կար այն միտքը, որ Սրբազանը ընդամէնը «կրօնական գործիք» մը եղաւ, որպէսզի նախկին իշխանութիւններու ներկայացուցիչները կամ «գլուխներ»ը, կարողանան հանգիստ կերպով առաջ տանիլ իրենց կողմէ թելադրուած այս խաղը, կամ ընդհանուր խաղի այս փուլը։
Սա իշխանական խումբերու արձագանգին մասին, որոնցմէ շատ-շատերը ունէին եւ դեռ ալ ունին այն համոզումը, որ այս շարժումը Բագրատ Սրբազանի թեկնածուութեան պարագային պիտի կնքէ իր մահկանացուն։
Ի՜նչ խօսք, որ առաջիկայ ժամերը շատ կարեւոր են, հասկնալու համար, թէ շաբաթներ առաջ Երեւան հասած «Տաւուշը յանուն հայրենիքի փրկութեան» շարժումը ինչ ճակատագրի պիտի արժանանայ։
Յստակ է անշուշտ, որ երէկ տեղի ունեցած հանրահաւաքը կը թողնէր այն «սպասուած» տպաւորութիւնը, որ շարժումը ՝ գլխաւորութեամբ Բագրատ Սրբազանին մտած է վճռական փուլ մը բոլոր առումներով։
Ի դէպ երէկ ամբողջ Հայաստանը իր աչքերը կը բանար ականատես կամ լսողաց դառնալով Լոռիի մարզին մէջ գրանցուած բնութենական աղէտի մը, որուն հետեւանքով ալ տասնեակ քաղաքացիներ ստիպուած կ՚ըլլային յենիլ փրկարարական խումբերու առաջին օգնութեան։
Դիպէթ գետի ջուրերը դուրս եկած էին հունէն, ու վարարած տարբեր շրջաններ հասցնելով նիւթական մեծ վնասներ։
Թերեւս այս դէպքն էր, որ պատճառ կը հանդիսանար, որ Երեւանի մէջ համաժողովրդային նեցուկ ակնկալող շարժման մասնակցութիւնը սպասուածին պէս չէր։
Ճիշդ է, որ հազարաւոր քաղաքացիներ կը փութային հասնիլ Հանրապետութեան Հրապարակ, սակայն բոլոր պարագաներու տակ, ու 9 մայիսի աւելի մեծաթիւ հանրահաւաքէն ետք, երէկուան հաւաքը կը համարուէր «մէկ քայլ ետ» եղած քայլ-հաւաք մը, որ ինչպէս վերը նշեցինք, ունէր, պէտք է ունենար վճռական ուղերձներ։
Եթէ պահ մը մէկդի դնենք անցեալ հանրահաւաքէն աւելի նուազ մասնակցիներու թիւով հանրահաւաքի մը ականատես դառնալու հանգամանքը, ապա հարկ է նշել, որ վերջին աւելի քան մէկ ամսուան ընթացքին Հայաստանի ներ-քաղաքական օրակարգը զբաղեցուցած այս շարժումը, հասաւ արդէն իր վերջին փուլին։
Վերջին փուլ մը, որ պատասխաններ պիտի բերէ մեր եւ շատերու կողմէ լսելի դարձած բազմապիսի հարցադրումներու։
Ներկայացնելով, երէկուան հաւաքէն բխած ընդհանուր ուղղութիւնները, ապա պէտք է ըսել, որ Հանրապետութեան Հրապարակէն լսելի դարձան երկու հիմնական առանցքներ։
Առաջինը ճանչցուած արեւելագէտ Գուրգէն Մելիքեանի խօսքէն յայտնի դարձած եւ Բագրատ Սրբազանը երկրի վարչապետի պաշտօնին առաջադրուելու առաջադրանքն էր, որ ընդունուեցաւ ներկաներու բուռն ծափահարութիւններով։ Իսկ երկրորդը Բագրատ Սրբազանին կողմէ եղած արտայայտութիւնն էր, որ խորհրդակցելէ Մայր Աթոռի գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին ու Սրբազանի միաբանակից եղբայրներուն հետ (խօսքերը՝ Բագրատ Սրբազանինն են. Խմբ.՝ Ս. Արեան) ան առաջարկած է 30 տարուան իր կրօնական ծառայութիւնը սառեցնել, որպէսզի կարողանայ ստանձնել երկրի վարչապետի պաշտօնը։
Գաղտնիք մը չէ հարկաւ, որ Բագրատ Սրբազանի վարչապետի պաշտօնին թեկնածու դառնալը շատ-շատերու կողմէ սպասելի էր, հաշուի առնելով, որ Բագրատ Սրբազան կարողացաւ բաւական կարճ ժամկէտներու մէջ իր շուրջ համախմբել քաղաքական այնպիսի ուժեր, որոնք ոչ միայն տարակարծիք են տարբեր խնդիրներու առընթեր, այլ Հայաստանի քաղաքական մեծ համապատկերին մէջ կը համարուին՝ հակառակորդներ։
Կան ի հարկէ այլ հանգամանքներ եւս, սակայն էականն այն է, որ ընդդիմադիր ուժեր Սրբազանի առաջադրումը համարեցին կարեւորագոյն դարձակէտ մը շարունակելու համար իշխանափոխութեան պահանջով մէջտեղ եկած այս շարժումին գործունէութիւնը եւ առաջընթացը։
Բնականաբար նոյն հարթութեան մասին խօսելով ու դիտարկելով իշխանական շրջանակներու արագ արձագանգները, ապա անոնց կողմէ եղած բոլոր մակարդակի արձագանգներուն մէջ երեւելի է հեգնանքի որոշակի մակարդակ մը, որուն «կրակներու տակ» կար այն միտքը, որ Սրբազանը ընդամէնը «կրօնական գործիք» մը եղաւ, որպէսզի նախկին իշխանութիւններու ներկայացուցիչները կամ «գլուխներ»ը, կարողանան հանգիստ կերպով առաջ տանիլ իրենց կողմէ թելադրուած այս խաղը, կամ ընդհանուր խաղի այս փուլը։
Սա իշխանական խումբերու արձագանգին մասին, որոնցմէ շատ-շատերը ունէին եւ դեռ ալ ունին այն համոզումը, որ այս շարժումը Բագրատ Սրբազանի թեկնածուութեան պարագային պիտի կնքէ իր մահկանացուն։
Այս կարեւոր յայտարարութիւններէն անդին Բագրատ Սրբազան (որն արդէն կը համարուի իր առաքելութիւնը սառեցուցած կրօնական գործիչ մը) կը շարունակէր փակագիծերը բանալու ուղղուած իր քայլերը, ու կը յայտարարէր, որ հրապարակին վրայ եղող հասարակութեան հետ քալելով պիտի մեկնի վարչապետի ամառանոց եւ կը փափաքի հանդիպիլ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, յիշեցնելով, որ իր ու հետեւաբար այս շարժումին հիմնական նպատակակէտը կը շարունակէ մնալ նոյնը՝ Փաշինեանի հրաժարականը։
Բագրատ Սրբազան այդ բոլորէն բացի նաեւ սլաքներ արձակեց իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան յորդորելով Փաշինեանը, որ իր գլխաւորած կուսակցութիւնը պառակտումներէ հեռու պահելու համար պարտաւոր է հրաժարական տալ։
Այս խօսքին տակ կար անշուշտ կարեւոր մակարդակի խուսանաւում մը, որ շատ հաւանաբար տեղ չգտնէ կամ կեանք մը չունենայ իշխող վերնախաւին մօտ։
Ու այդ պատճառով է, որ դուռը լայն կը բացուի այն հարցումներուն դիմաց, թէ ինչ հունով պիտի շարունակուի այս շարժումը։
Խօսքը ի մասնաւորի սահմանադրական կանոններով Փաշինեանը իր պաշտօնէն հեռացնելու մասին է, որ ներկայ պահու դրութեամբ մեծ հաշուով ունի «զէրօ յոյս», բացի այդ պարագայէն, երբ տեղի կ՚ունենան շատ աւելի մեծ ու տարերային զարգացումներ, որոնք կ՚ունենան մասնաւորապէս արտաքին կողմի մը (շատ հաւանաբար՝ Ռուսաստանի նեցուկը) ու այս մէկը հաշուի առնելով պէտք է թելադրական համարել ու հաշուի առնել Սրբազանի իր կրօնաւորի առաքելութիւնը սառեցնելու հանգամանքը։
Այդ քայլով է թերեւս, որ Սրբազանը դուրս կը հանէ Մայր Եկեղեցին գործող իշխանութեան հետ յաւելեալ բախումի մը կամ աւելի մեծ լարումներու երթալու որոգայթէն։
Նոյն այս առաջարկին մասին վստահօրէն կարելի է ըսել, որ Բագրատ արք. Գալստանեանը նման առաջարկի մը մասին բարձրաձայն չէր խօսէր, եթէ չունենար Ամենայն Հայոցի հասկնալի համաձայնութիւնը։
Ինչ կը վերաբերի գալիք քայլերուն, ապա յստակ է, որ Փաշինեանի հետ հանդիպիլ կամ չհանդիպելու դէպքէն ետք շարժումը պիտի անցնի իր վերջին հարիւր մեթրի արագավազքին, կամ վերջնավազգին, փաստագրելով կամ ամբողջ Երեւանը անդամալուծելու հանգամանքը, կամ ալ շարժման հետեւորդներուն տարտղնումը ու հաւանաբար շարժման շիջումը։
Երկու պարագաներուն ալ ցաւալիօրէն կան ներքին բախումներու երթալու վտանգները, որոնք բոլոր առումներով ուշեցոյցը պիտի շրջեն իշխանութեան կողմը եւ աւելիով պիտի զօրացնեն Փաշինեանի դիրքերը։
Աւարտելու համար նիւթը, հարկ կը համարեմ նկատել տալ, որ գալիք օրերը շատ աւելի յստակութիւն պիտի բերեն քաղաքական գործընթացներուն վրայ ու միով բանիւ պիտի ամրագրեն այն փաստացի խօսքը, որ գալիք գործընթացները պիտի աւարտին շատ աւելի նեղ ժամկէտներու մէջ, քան ինչ որ կար մինչեւ հիմա, եւ որուն մեծ խորագիրն էր՝ սպասումը։
Սագօ Արեան