image
Հրատապ լուրեր:

Մենք ընտրութիւն կատարեցինք հաւատքով, որ Աստուած անսասան պահէ Հայոց պետութիւնը․ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս նոյնպէս մասնկացեցաւ ընտրութիւններուն

Մենք ընտրութիւն կատարեցինք հաւատքով, որ Աստուած անսասան պահէ Հայոց պետութիւնը․ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս  նոյնպէս մասնկացեցաւ ընտրութիւններուն

Մենք կատարեցինք մեր ընտրութիւնը հաւատքով, որ Աստուած անսասան պահէ Հայոց պետութիւնը։ Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդը յունիս 7-ին խորհրդարանական ընտրութիւններու քուէարկութեան մասնակցելէ ետք։ Կաթողիկոսը քուէարկած է 14/11 ընտրատեղամասէն ներս։ 

«Մենք կատարեցինք մեր ընտրութիւնը հաւատքով, որ Աստուած անսասան պահի Հայոց պետութիւնը, օրհնի մեր ժողովրդին՝ յաղթահարելու մեր կեանքում առկայ դժուարին այս ծանր փորձութիւնները, եւ կերտելու հզօր, ապահով, անվտանգ, օրինահարկ եւ բարօր երկիր»,- ըսած է Գարեգին Երկրորդը։