image

4 Եպիսկոպոսներու ձեռնադրութեան առթիւ. Նոր յոյս յանուն՝ համերաշխութեան

4 Եպիսկոպոսներու ձեռնադրութեան առթիւ. Նոր յոյս յանուն՝ համերաշխութեան

Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝ 

Վաղը 4 եպիսկոպոսներ պիտի միանան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Սրբազաններու դասուն. Եպիսկոպոսներ, այսինքն իշխաններ։

Մեծ յոյսեր ունիմ, որ Սրբազան Հայրերը կը գործեն ու իրենց ծառայութիւնները կը բերեն մեր ժողովուրդին յանուն եւ ի նպաստ մեր երկրին ու հայրենիքին, դառնալով լիարժէք համերաշխութեան եւ քրիստոնէական սիրոյ իրական կոչնակներ։

Սա շարադրութիւն չէ միայն, այլ իւրաքանչիւր անկեղծ հայու իրական փափաքն է։

Մեր զօրութիւնը՝ միութիւնն է։


Ահա լուրը՝

Մայիս 24-ին՝ Հոգեգալուստի տօնին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, պիտի կատարուի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում։


Եպիսկոպոսութեան աստիճան պիտի շնորհուի Գեղարքունեաց թեմի առաջնորդական տեղապահ Հոգեշնորհ Տ. Իսահակ Վարդապետ Պօղոսեանին, Մասեացոտնի թեմի առաջնորդական տեղապահ Հոգեշնորհ Տ. Ռուբէն Վարդապետ Զարգարեանին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Հոգեշնորհ Տ. Անանիա Վարդապետ Ծատուրեանին եւ Մայր Աթոռի Քարոզչական կեդրոնի տնօրէն Հոգեշնորհ Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեանին։


Սուրբ Պատարագը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 10։30-ին։