Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը 7/46 տեղամասին մէջ կատարած է իր քաղաքացիական պարտքը եւ մասնակցած Հայաստանի ԱԺ հերթական ընտրութիւններու քուէարկութեան: Այս մասին յայտնած են նախագահի աշխատակազմէն:
Քուէրակելէն ետք նախագահը ճեպազրոյց ունեցած է լրագրողներու հետ:
«Քուէարկել եմ յանուն խաղաղ, զարգացող, ամուր ու կայուն ապագայ ունեցող Հայաստանի Հանրապետութեան»,- նշած է Հանրապետութեան նախագահը: