image

«Հայաստան» դաշինքի նախընտրական շտաբի անդամներ բերման ենթարկուած են․ յայտարարութիւն

«Հայաստան» դաշինքի նախընտրական շտաբի անդամներ բերման ենթարկուած են․ յայտարարութիւն

Առաւօտէն «Հայաստան» դաշինքի նախընտրական շտաբի անդամներ բերման կ՚ենթարկեն եւ/կամ կը ձերբակալեն տարբեր պատճառաբանութիւններով, այդ շարքին՝ որպէս վկայ հարցաքննուելու պատրուակով։ Այս մասին յայտնած են «Հայաստան» դաշինքի նախընտրական շտաբէն։

«Այս խայտառակ եւ հակաօրինական վարքագիծը ոչ միայն հանրութեանը տեղեկատուական տեռորի ենթարկելու փորձ է, այլեւ ընտրական իրաւունքի կոպտագոյն խախտում։

Դիտորդական առաքելութիւններից եւ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովից պահանջում ենք արձանագրել այս փաստը։

Ընտրողներին կոչ ենք անում չընկրկել այս ապօրինի գործողութիւնների առջեւ եւ վստահօրէն կատարել իրենց սահմանադրական իրաւունքը։ Այս ապօրինութիւնները կազմակերպող եւ իրականացնող անձանց սպառնում է օրէնքով սահմանուած ամենախիստ պատասխանատւութիւնը»,-ըսուած է դաշինքի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։