Պրազիլիոյ 79-ամեայ նախագահ Լուիս Ինասիո Լուլա տա Սիլվան շտապ տեղափոխուած է հիւանդանոց՝ ուղեղի արիւնազեղումէն ետք։ Հոկտեմբերին պետութեան ղեկավարն ինկած էր եւ հարուածած գլուխը, որմէ ետք բժիշկներն արդէն զգուշացուցած էին ներքին արիւնահոսութեան վտանգի մասին:
Ինչպէս նշուած է Սան Փաուլօ քաղաքի Sírio-Libanês հիւանդանոցի մամուլի հաղորդագրութեան մէջ, Լուլա տա Սիլվան հիւանդանոց տեղափոխուած է այն բանէ ետք, երբ գլխացաւ զգացած է։
«ՄՌՏ-ն ցոյց տուած է ներգանկային արիւնազեղում՝ հոկտեմբեր 19-ին տեղի ունեցած կենցաղային վնասուածքի հետեւանքով... Վիրահատութիւնն անցած է առանց միջադէպերու»,-ըսուած է բուժհաստատութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Ինչպէս բացատրած են բժիշկները, նախագահը ենթարկուած է գանկուղեղային վիրահատութեան, որու ժամանակ գանկի մէկ մասը ժամանակաւորապէս կը հեռացուի վիրահատութեան համար: Հեմաթոմայի խոռոչը մաքրելու համար կատարուած է գանկուղեղային վիրահատութիւն:
«Նախագահն այժմ իրեն լաւ կը զգայ եւ կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքի մէջ հսկողութեան տակ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։