Օրերս Պէյրութի մէջ եղած համակարգչային դպրոցական ախոյանութեան մասնակցած հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտ՝ Մարք Կիւլկիւլեան առաջին դիրքը գրաւած է։
Ախոյեանութիւնը կազմակերպուած էր Պէյրութի միակ հայկական համալսարանին՝ «Հայկազեան»ի կողմէ եւ այդ մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Մեսրոպեանի դիմատետրեան խումբէն, ուր ի մասնաւորի գրուած է ՝
Կը շնորհաւորենք Մեսրոպեանի աւարտական աշակերտ Մարք Կիւլկիւլեանը, որ առաջին հանդիսացաւ համակարգչային ծրագրաւորման աշակերտական այս տարուան ախոյեանութեան՝ կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանին։
Մարքին կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ եւ նուաճումներ գիտութեան ճանապարհին վրայ։