image
Հրատապ լուրեր:

«Մեր գլխաւոր նպատակը Հայաստանի բարգաւաճումն է». Արէն Տէյիրմենճեան

«Մեր գլխաւոր նպատակը Հայաստանի բարգաւաճումն է». Արէն Տէյիրմենճեան

Առաքելութիւն եւ հաւատք.  «Պայքար»ի բացառիկ հարցազրոյցը  ԱՀԱԸ-ի (AMAA)  Հայաստանի մարմնի ներկայացուցիչ՝ Արէն Տէյիրմենճեանին հետ:

 

 Պրն. Տէյիրմենճեան, սկսինք Արցախէն. գիտենք որ վաղուց ի վեր, ձեր կազմակերպութիւնը, ձեր ղեկավարած մարմինը մեծ օժանդակութիւններ կը կատարէ Արցախի մէջ։ Այսօր ի՞նչ են հիմնախնդիրները եւ արդեօք կը շարունակուի՞ն ձեր ծրագիրները։ 

 Իրաւացի էք։ Արցախը միշտ ալ եղած է մեր ուշադրութեան կեդրոնը։ Վերջերս, մանաւանդ պատերազմէն վերջ, մենք կրկնապատկեցինք այս ջանքերը։ Նախքան ըսելս, թէ ինչ կը ծրագրենք եկող տարիներուն համար, ըսեմ որ մենք կարողացանք պահպանել մեր ընթացիկ ծրագիրները։ Մենք Արցախի մէջ կը պահենք ութսունէ աւելի աշխատող։ Միշտ փորձած են վստահիլ տեղական ուժերու եւ ատոր համար ուրախ ենք։ Մեր հիմնական հաստատութիւնները կրթական ոլորտի մէջ են։ Ունինք երեք մանկապարտէզ՝ Ասկերանի, Մարտակերտի եւ Ստեփանակերտի մէջ։ Նաեւ ունինք երեք ցերեկային կեդրոններ յայտնի՝ «Շող» անունով։ Մենք նաեւ Շուշիի մէջ ունէինք գործունէութիւն, ինչպէս նաեւ ամառնային ճամբար։ Ցաւօք սրտի ճամբարը այլեւս չկայ , բայց գործը կը շարունակենք։ Աշխատանքին մեծ մասը տեղափոխեցինք Ստեփանակերտ։ Մեր առջեւ եղած ծրագիրները բաւական ծաւալուն են։ Այս անորոշ վիճակին մէջ կրկնապատկելը կամ դէպի աճ երթալը կարգ մը մարդոց համար ռիսքային է, բայց մեզի համար շատ կարեւոր էր, որ Արցախի մէջ ունենանք այս շարժը։ Երկու մանկապարտէզ պիտի աւելցնենք մեր ունեցած ցանկին։ Մէկը պիտի ըլլայ Ստեփանակերտի մէջ, մօտաւորապէս երկու հարիւր հոգիի համար, միւսը պիտի ըլլայ Նախիջեւանիկ գիւղին մէջ, որ փոքր համայնք է, բայց կարեւոր, քանի որ կը գտնուոի սահմանային գօտիի վրայ է։ Այնտեղ նաեւ կը գործակցինք «Սատարենք մեր հերոսներին» կազմակերպութեան հետ ,որ մեզի առիթ կու տայ, վերաբնակեցնելու այդ գիւղը եւ սատարելու կրթական ծրագրիրներու յաջողութեան։

Իսկ այսօր դժուարութիւններ կա՞ն։ Կ՚ուզէի նաեւ այս առումով իմանալ, քանի որ Լաչինի միջանցքը արդէն երկար ժամանակէ ի վեր փակ է եւ բնականաբար, ինչպէս բոլոր Արցախցիները, ձեր ծրագիրներուն մէջ եղող մեր հայրենակիցները նոյնպէս խնդիրներու առջեւ են։

Այո, դժուար է վիճակը, նաեւ մեր հաստատութիւններուն համար, մանաւանդ որ կրթական ոլորտը շատ տուժեց այս խնդիրներուն ժամանակ, բայց մենք յատուկ ջանքեր ըրինք, որ մանկապարտէզները, կրթական կեդրոնները չփակուին։ Անշուշտ, որ ունեցանք խնիրներ, հոսանքի կամ կազի անջատումներուն պատճառով, բայց ուրախ եմ ըսելու, որ մեր հովանաւորած հիմնարկները կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը։ Մեր բոլոր կեդրոնները, յատուկ կարգավիճակով այսօր կը շարունակեն իրենց գործը։ Հիմնական խնդիրը կ՚ունենանք շինարարութեան մէջ, քանի որ գիտէք, շինարարները իրենց պիտանի հում նիւթը կը ստանան Հայաստանի ճամբով։ Այդ պատճառով ալ անոնց գործը կը կաղայ, ու դանդաղ ռիթմով մը կը շարունակուի։

 

Պրն. Տէյիրմենճեան գիտենք, որ ձեր կազմակերպութիւնը Հայաստանի անկախութենէն ի վեր կը գործէ Հայաստանի մէջ, բայց կայ մօտեցում, որ հասարակութեան կարեւոր շերտը չի գիտեր, թէ ինչ է ԱՀԱԸ-ն, ի՞նչ է ձեր առաքելութիւնը։ Այդ առումով ի՞նչ կ՚ուզէք ըսել մեր «Պայքար»ի ընթերցողներուն։

Հայ Աւետարանական համայնքը՝ եկեղեցին, հիմնեց ԱՀԱԸ-ն, մօտաւորապէս հարիւր հինգ տարի առաջ, բայց ընկերակցութիւնը այսօր կը զբաղի բարեգործական, մարդասիրական, կրթական, եւ ընկերային ծրագիրներով։ Իբր աջ բազուկը աշխարհատարած Աւետարանական համայնքին , ԱՀԱԸ-ն իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ վերը նշուած ոլորտներուն մէջ։ Մենք ամէնօրեայ կապի մէջ ենք նաեւ եկեղեցւոյ հետ, բայց ընկերակցութիւնը կրօնական քարոզչութեան աշխատանքի մէջ չէ։ Կը հաւատանք, որ մենք մարդը պէտք է բարձրացնենք, մեր առաքելութիւնն է, որ մարդը պէտք է զարգանայ թէ հոգեւորապէս, թէ կրթական առումով, թէ իր ընդհանուր միջավայրին մէջ ինչ անհատ կը դառնայ, ատիկա շատ կարեւոր է մեզի համար։ Մեր բոլոր ծրագիրներուն մէջ այդ նպատակները կան։

 

Իսկ այս ընթացքին, ձեր ամենայաջողած ծրագիրը ո՞րն է։ 

Կարծեմ, մեր ամէնէն հպարտանալիք ծրագիրը որ ունինք, Երեւանի մէջ գտնուող «Աւետիսեան վարժարան»ն է , որ կրնամ ըսել, թէ մարգարիտն է մեր գործունէութեան։ Դպրոցը մեծ առաքելութիւն ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ։

 

Խօսեցանք արդիականութեան մասին։ Այսօր նաեւ սփիւռքահայութեան պարագային ամենակարեւորն է կարծէք արդիականութեան ոգին։ Դուք ինչքանո՞վ այդ արդիականութիւնը կը կարեւորէք եւ ձեզի համար հիմունքները ի՞նչ են, որ Սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը ներգրաւուի Հայաստանեան, Հայաստանամէտ գործունէութեան մէջ։ 

 Կարեւոր հարցում մը ըրիք։ Այո՛, մեր ծրագիրները հիմնուած են, ոչ միայն սփիւռքահայութեան, այլեւ ամբողջ հայութեան համար, իրենց մէջ ներառնելով այսօրուան խնդիրները դիմագրաւելու ներուժ։ Ասոր մէջ կ՚ուզեմ շեշտել, անհատը վերստեղծելու process-ը, որուն վրայ շատ աշխատանք կը տանինք։ Մենք կը փորձենք արդիական ըլլալ եւ ատոր մէջ կը մտնեն մեր առօրեայ գործունէութիւններուն թարմացումը։ Ունինք ծրագիրներ, որոնք երեսուն տարուան ծրագիրներ են եւ կը շարունակենք զանոնք։ Անոնցմէ մաս մը կայ, որ կը փորձենք աւելի ճիշդ ձեւով այսօրուան կեանքին հետ փոխառնչել։ Այս բոլորի կողքին կան նաեւ մեր ջանքերը, որպէսզի բոլոր ոլորտներու հետ համագործակցինք։ Կան շատ օրինակներ, ուր մենք կը համագործակցինք շատ մը գործընկերներու հետ, partnership-ներ կը ստեղծենք։ Ատիկա մեզի շատ կ՚օգնէ, որ ջանքերը մէկտեղելով հասնինք ուրիշ նպատակներու։ Սփիւռքահայութեան հետ յատուկ գործ ունեցանք սուրիահայութեան, եւ լիբանանահայութեան կտրուածքով։ Այդ երկիրներու մեր հայրենակիցներէն շատեր հայրենադարձուեցան եւ ոչ բոլորը լաւ պայմաններու մէջ էին։ Այս առումով մենք համագործակցեցանք Սփիւռքի յանձնակատարին հետ, եւ այդ առումով ալ կարողացանք որոշակի օժանդակութիւններ իրականացնել։ Նոյնը ըրինք ուքրանահայերու պարագային։ Այս բոլորին մէջ կ՚ուզենք մնալ օրուան օրակարգին հետ, եւ ուրախ ենք ատոր համար։

 

Ճիշդ է, որ հեռու էք քաղաքական ասպարէզէն, սակայն, միշտ նկատած ենք, որ պետականութեան եւ իշխանութիւններուն հետ համահունչ կը գործէք։ Օրինակ մը տամ՝ «Հայաստան հիմնադրամ»ի շուրջ վերջերս ստեղծուած վէճերուն եւ աղմուկին առընթեր դուք ոչ միայն վերապահ մնացիք, այլ շարունակեցիք ձեր կարեւոր նեցուկը ցոյց տալ հիմնադրամին։ Ի վերջոյ ի՞նչ է այդ ոսկի գաղտնաբառը, որուն հիմամբ կը գործէք, եւ ինչո՞ւ այս մօտեցումը յարմար կը նկատէք։

Հիմնադրամին մէջ, մենք ունեցած ենք մեր մշտական մասնակցութիւնը, ներկայութիւնը։ ԱՀԱԸ-ի Գործադիր տնօրէն Պրն. Զաւէն Խանճեան ի պաշտօնէ անդամ է «Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամ»ի «Հոգաբարձուներու խորհուրդ»ին բան մը, որ բոլոր առումներով թելադրական եւ պարտաւորեցնող հանգամանք է ինքնին։ Այս բոլորէն անդին միշտ ալ հետամուտ եղած ենք մասնակցիլ յօգուտ Հայաստանի եղող ծրագիրներուն եւ այդ առումով ալ մեծ դեր եւ տեղ ունի «Հայաստան Հիմնադրամ»ը։ Ի վերջոյ մենք բոլոր իշխանութիւններուն հետ համագործակցութիւն ունեցած ենք եւ ներկայ իշխանութեան հետ ալ ունինք։ Գիտենք, որ հեռու մնալը մեզ տեղ պիտի չհասցնէ։ Ջանքերը համատեղելը,նոյնիսկ եթէ անհամաձայն ես կարգ մը բաներու հետ, միշտ ներկայ ըլլալը, միշտ բանակցիլը, միշտ խօսակցութեան առիթ ստեղծելը ճիշդ ձեւն է, որպէսզի հասնիս այն լուծումներուն, որ մեր երկիրը պէտք ունի այսօր ։

 

Ձեր այս տեսակէտին համար, յատկապէս Սփիւռքի մէջ խորթ աչքով կը նայի՞ն ձեզի, թէ՞...։

Չեմ կարծեր, քանի որ մեզ լաւ կը ճանչնան։ Գիտեն, որ մենք կողմնակցութիւն չենք ըներ։ Գիտեն, որ բոլորին հետ կը գործակցինք, եւ մեր գլխաւոր նպատակն է, Հայաստանի բարգաւաճումը։ Կրնայ ըլլալ, որ մարդիկ մեր կարգ մը քայլերէն դժգոհին, բայց մեր նպատակը միշտ նոյնը եղած է։ Մենք այս ձեռնարկները չենք ըներ, որպէսզի իշխանութիւն մը փառաւորուի այլ կ՚ընենք յանուն հայրենիքի։Անոր համար ալ , միշտ պիտի շարունակենք այս ճամբով։

 

Օրեր առաջ կարեւոր համաձայնագիր մը ստորագրեցիք՝ «Յանուն հայ զինուորին» ընդհանուր խորագրին ներքոյ։ Կ՚ուզէի այդ մասին լսել։ Մեզ՝ բոլորս իրար միացնող կարեւորագոյն օղակ է հայ զինուորը, մանաւանդ այս ժամանակներուն։

Բանակը միշտ կարեւոր տեղ ունի, բոլոր հայերուն սրտին մէջ, մասնաւորապէս վերջին պատերազմէն ետք բանակի օրակարգը դարձաւ աւելի կարեւոր եւ այժմէական։ Շատ սրտցաւօրէն կը մօտենանք այս նիւթին։ «Իմ Քայլ» հիմնադրամի հետ յատուկ ծրագիր մշակեցինք, որուն ճամբով պիտի օգնենք զինուորներուն, որոնք տարբեր հանգամանքներու բերումով տուժած են պատերազմի ընթացքին։ Մեր նպատակն է, որ անոնք նոր հմտութիւններ ստանան, որպէսզի իրենց կեանքը վերսկսելու նոր առիթ ունենան։ Այս ծրագիրը կը տարբերի այլ ծրագիրներէ, ուր մենք պարզապէս օգնութիւն կը տրամադրէինք։ Այս պարագային մենք ընկերակից ենք, բայց իրենք ալ բաժին ունին, որպէսզի իրենց ներդրումը կատարեն այս ջանքերուն մէջ։ Այդ առումով ալ ամէն մէկ քայլափոխին իրենց կողքին պիտի ըլլանք, որպէսզի հանրութեան մէջ տեղ ունենան, աշխատանք ունենան եւ իրենց բնական կեանքին վերադառնան։

 

Գիտէք, այս պատերազմը շատ ծանր էր մեզի համար։ Նաեւ Սփիւռքի մէջ տարբեր առիթներով խօսուեցաւ, որ մեր բարերարները, մեր ազգայինները, մեր հասարակութիւնը հիասփած է։ Ձեր բարերարներու պարագան ինչպէ՞ս է, քանի, որ գիտենք, որ հայկական պրիսմակի վրայ, ձեր ներկայութիւնը բաւական ծանր կշիռ ունի եւ ձեր շրջանակները նուիրուածութեամբ կ՚ընեն այդ ամէն ինչը, ոչ թէ քաղաքական միաւոր մը ստանալու համար։ Նոյնիսկ շատերու անունները մենք չենք գիտեր։ Այդ հիասթափութիւնը ինչպէ՞ս փարատել։ Ի՞նչ կ՚ընէք այդ առումով։

Լաւ հարցում է, քանի որ մենք ալ կ՚ուզենք միշտ, որ մեր բարերարները հանգիստ զգան։ Կ՚ուզենք, որ անոնց նուիրատւութիւնները լաւ նպատակներու համար ծախսուին։ Մենք դեռ կը հաւատանք, որ առիթ կայ, կը հաւատանք որ ծրագիրները որ կ՚ընենք երկար ժամանակի ռազմավարութիւն ունին։ Մեր բարերարներն ալ կը տեսնեն, որ այս մօտեցումը կայ, այսինքն՝ մեր ըրածը յաջորդ օրուան համար չենք ըներ, հապա երկար տարիներու համար։ Շատ կարեւոր է, որ բարերարներդ ըրածիդ վրայ իրենց յոյսը դնեն, ջանքերուդ հաւատան եւ քու կողքիդ ըլլան, ոչ միայն ֆինանսապէս, այլեւ համոզումով մօտենան այդ ամէն ինչին։ Կը կարծեմ, որ բաւական չափով յաջողած ենք ասոր մէջ, բայց դեռ կը դիմագրաւենք դժուարութիւններ եւ անոր համար, ամէն օր շատ ծանր աշխատանքի մէջ ենք։

 

 Սագօ Արեան 

 Նիւթը  «Պայքար»էն